
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նախիջեւանի սահմանակից Հայաստանի Խաչիկ գիւղին մէջ զբօսայգի մը կառուցելու նպատակով, ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Հայաստանի, Գերմանիոյ, Արժանթինի, Պրազիլի եւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր մասնաճիւղերու անդամները սկսած են դրամահաւաքի աշխատանքներու, որոնցմէ մէկը տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ:
Ամբողջ շաբաթավերջի մը վրայ երկարած ձեռնարկներուն հասոյթը պիտի տրամադրուի զբօսագին եւ ազատ առեւտուրի գօտի մը ստեղծելու նպատակին:
Ապրիլին, ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Երեւանի մասնաճիւղէն անդամներ հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը կատարեցին գիւղին մէջ: