ՖՐԵԶՆՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի տարեկան 90րդ Ընդհանուր ժողովը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ: Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այս տարի նաեւ ՀՕՄի հարիւրամեակն է, ժողովին զուգահեռ երկու ձեռնարկներ կազմակերպուած են Ֆրեզնոյի մէջ:
Անոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ «Ասպարէզ» ակումբէն մէջ, Ուրբաթ, Յուլիս 16ին, երեկոյեան ժամը 8:30էն սկսեալ. անիկա երգիծական երեկոյ մըն է, պիտի ըլլան նաեւ աղանդեղներ: Այս առթիւ, Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած է երգիծաբան Վարսի Ներսէսեանը: Մուտքի սակը 25 տոլար է:
Շաբաթ, Յուլիս 17ին, ժամը 7էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-պարահանդէս մը: Երեկոն պիտի խանդավառէ Խաչիկ Ճինկիրեանը: Մուտքի սակը 50 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեան եւ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (559) 431-4534 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.