
Հեղինակ՝ Գրիգոր Հոթոյեան
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2010ին, Թորոնթոյի «Փոսթնեթ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս տեսաւ գանատահայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր Գրիգոր Հոթոյեանի «Ճաճանչներ» խորագրեալ վերջին հատորը, ուր ամփոփուած են հեղինակին՝ հատորի վերածուած կամ անտիպ մնացած քերթողաշունչ ստեղծագործութիւնները։ Սոյն ծաւալուն գործը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Հոթոյեանի դստեր եւ թոռներուն։
Պէտք է ըսել, թէ «Ճաճանչներ» քերթողագիրքը կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ Գրիգոր Հոթոյեան, հակառակ իր բազում հոգերուն եւ զբաղումներուն, եղած է հաւատարիմ խնկարկուն հայ քերթողական արուեստին՝ ըմբոշխնելով մտերմութիւնը հայ գրականութեան եւ մշակոյթի երախտաւորներուն։
Հիմնականին մէջ, «Ճաճանչներ» խորագրեալ հատորը կը բաղկանայ 427 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ բաժինները. «Յառաջաբան երգերու հերկեր», «Երգեր», «Բանաստեղծութիւններ», «Գրախօսականներ եւ վկայութիւններ «Ճանապարհ»ի հրատարակութեան առթիւ»։
Գրիգոր Հոթոյեանի քերթուածներուն գլխաւոր թեման սէրն է, որուն շուրջ կը թաւալին իր ազգային, հայրենասիրական եւ քնարաշունչ ապրումները։ Ան կը հաւատայ, թէ առանց սիրոյ՝ բնութիւնը կը պարզէ յատկանշական ոչ մէկ իմաստ, եւ թէ սիրոյ բարերար ներգործութեամբ, կը քաղցրանայ կեանքը՝ յուսադրիչ զեղումներով, ինչպէս կը վկայեն հետեւեալ տողերը.
«Սիրատենչիկ նայուածքներով,
Կամրջեցիր սիրտդ-սրտիս,
Իմաստ տուիր ունայն կեանքիս,
Ըղձանքներուս մարմին տալով»։
Հատորին երկրորդ բաժինը կը կրէ «Բանաստեղծութիւններ»
խորագիրը, որուն բաղկացուցիչ տարրերը կը հանդիսանան հայրենիքը, հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը, Սասունը, մանկութեան օրերը, մայրական սէրը եւ հայ մշակոյթը։
Գրիգոր Հոթոյեանի չափածոյ գործերէն ոմանք ունին կենսագրական բնոյթ, ինչպէս՝ «Արմատներս հօրենական» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, ուր հեղինակը կ՛ըսէ, թէ ինք սասունցի է, թէեւ ծնած ու մեծցած արաբական Հալպայ քաղաքը, բայց իր ընտանիքին արմատները կը ստանան իրենց ոգեղէն աւիշը հայ քաջորդիներու արծուեբոյն Տարօն բնաշխարհէն։ Այս առնչութեամբ, հեղինակը կու տայ հետեւեալ վկայութիւնը.
«Իմ լեռնցի հայրս կու գար դիւցազնական այդ երկրէն
Մակար, Գալէ ծնունդ տուած քաջ Սպաղանք աւանէն,
Ուր մեծցած էր ազգայնաշունչ մթնոլորտով հայկական,
Ուսանելով Սուրբ Կարապետ վանքի լոյսով սրբազան»։
Արդարեւ, Սասնոյ լեռնաշխարհին, դալարագեղ հովիտներուն եւ ծաղկածիծաղ վայրերուն վայելչութիւնը կը գովաբանէ նաեւ Հոթոյեան՝ «Սասունական», «Գէորգ Չաւուշ», «Գալէ Սպաղանցի» եւ «Տարօն աշխարհ» խորագրեալ քերթուածներով։
Այս առումով, գաղափարապաշտ բանաստեղծն է ան, որ կ՛ընթանայ Սասունցի Դաւիթներու, Մհերներու, Մամիկոնեաններու, Գէորգ Չաւուշներու, Սերոբ Աղբիւրներու, Դրօներու եւ արութեան վսեմ գործեր կատարած հայ մեծանուն հերոսներու գաղափարական ուղիէն։
Բանաստեղծ Հոթոյեան ազգասիրական խոր տենչերով կապուած է իր ցեղի արիւնոտ տառապանքին, որուն սրտայոյզ վկայութիւնն է «Զրոյց Եփրատին հետ…» խորագրեալ քերթուածը, ուր ան կ՛ոգեկոչէ յիշատակը այն բիւրաւոր հայ կոյսերուն եւ մայրերուն, որոնք 1915 թուականի եղեռնաշուք տարիներուն յանձնուեցան Եփրատ գետի մահագալար յորձանքներուն՝ իրենց պատիւն ու արժանապատուութիւնը անաղարտ պահելու նախանձախնդրութեամբ…։
Այս իրողութեամբ, բանաստեղծը կ՛ըսէ, թէ 1915ի արհաւիրքէն ճողոպրած տարագիր հայերը, աշխարհի տարբեր գաղթօճախներու մէջ կերտեցին յուշարձանը Եղեռնի,
«Որպէս կոթող ու դամբարան արիւնի,
Նահատակուած երկու միլիոն հայերու,
Երկու միլիոն տառապահար սրտերու,
Որոնց անթաղ մասունքները անտերունչ.
Լո՜ւռ կ՛արտասուեն գիշեր-ցերեկ դառնաշուն»չ։
Հայրենասէր բանաստեղծն է Գրիգոր Հոթոյեան, որ կը հաւատայ մեր հայրենի երկրի լուսապայծառ ապագային։ Ակնարկելով պատմական Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերուն՝ կ՛ըսէ, թէ պիտի գայ այն օրը, երբ հայկական դրօշը պիտի ծածանի Արարատի գագաթին եւ Տարօնն ու Վանը պիտի վերամիանան Մայր հայրենիքին։
Կրօնասէր բանաստեղծ է նաեւ Գրիգոր Հոթոյեան, որ կ՛ըսէ, թէ Սուրբ Էջմիածինը, Լուսաւորչի կանթեղը, հայոց հնադարեան տաճարները, սրբատաշ խաչքարերը, Մեսրոպ Մաշտոցն ու հայոց լեզուն, հոգեւոր երաժշտութիւնն ու շարականները եւ հայ հոգին կը հանդիսանան սրբախորհուրդ իմացումները հայ ժողովուրդին։
Հատորին երրորդ եւ վերջին բաժինը յատկացուած է հայրենի եւ սփիւռքահայ կարգ մը գրողներու այն գրախօսականներուն, որոնք կը վերաբերին Հոթոյեանի «Ճանապարհ» խորագրեալ գործին։
Արդարեւ, կ՛ուզենք հաստատել, թէ «Ճաճանչներ» խորագրեալ հատորը վկայութիւնն է այն աշխատանքին, զոր կատարած է Գրիգոր Հոթոյեան երկար տարիներ յարատեւ եւ անսակարկ նուիրումով…։