ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ուլիեըմ Պըրնզ յայտարարած է, որ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին դէմ քուէարկելով՝ Թուրքիա յուսախաբ ըրած է Միացեալ Նահանգները։
«Մենք չենք կրնար ծածկել այն, որ մեզ յուսախաբ ըրաւ Թուրքիոյ որոշումը», յայտարարած է Պըրնզ։ Ի պատասխան այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք Թուրքիոյ այդ որոշումը պիտի ազդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ՝ Պըրնզ ըսած է. «Կը տեսնենք»։
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի օր ըսաւ. «Եթէ պատժամիջոցներուն «ո»չ չըսէինք, մենք մեզի հակասած պիտի ըլլայինք։ Այդ մէկը անպատուութիւն պիտի ըլլար ու պատմութինը պիտի չներեր մեզ»։
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛ուզէ Իրանի հիւլէական ծրագիրի հարցը լուծուի դիւանագիտութեան ճամբով, ու Թեհրանի հետ Թուրքիոյ եւ Պրազիլի կնքած համաձայնութիւնը «դիւանագիտութեան յաղթանակ» մը նկատեց, իսկ պատժամիջոցներ հաստատելը՝ «սխալ» մը։
Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ արաբական երկիրները պէտք է յաւելեալ նախաձեռնութիւններու դիմեն Կազայի հարցով եւ աւելցուց, թէ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարելի չէ վերականգնել, երբ Կազան շրջափակուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.