Ատրպէյճանի յաճախակի դարձած սպառնալիքները կրնան մտածել տալ, որ արդէն անխուսափելի եւ մօտալուտ է պատերազմը:
Անխուսափելի՝ նկատի առնելով, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ զիջման, շարունակ կը վարկաբեկէ Մինսկի գործընթացը, ու անկէ դուրս գալու ճամբաներ կը փնտռէ:
Մօտալուտ՝ նկատի առնելով, որ Ատրպէյճան անհամբերութեան նշաններ ցոյց կու տայ՝ առաւել կարծրացնելով իր դիրքը եւ բանակցութեանց վերաբերեալ ժամկէտի հարցեր յառաջ բերելով: Ատրպէյճան կը պահանջէ Հայաստանէն ու Մինսկի համանախագահներէն, որ այլեւս վերջնականանայ Մատրիտեան սկզբունքներուն հանդէպ հայկական կողմի դիրքորոշումը:
Ատրպէյճանի ռազմական վարդապետութիւնն ալ կը հիմնաւորէ պատերազմի անխուսափելիութեան վարկածը, երբ Հայաստանը բացայայտօրէն կը բնութագրուի իբրեւ յարձակողապաշտ, եւ Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւնը» վերականգնելու համար պատերազմի դիմելու պատրաստակամութիւնը կ՛ամրագրուի օրէնքով:
Հայաստան, անշուշտ, չի կրնար անտեսել այս սպառնալիքները ու անտարբեր մնալ անոնց հանդէպ: Աւելին, հետզհետէ, Հայաստան կրնայ համոզուիլ, որ Ատրպէյճան կ՛արհամարհէ միջազգային ուժերու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ բանակցութեանց ճամբով լուծելու յորդորները՝ զանոնք նկատելով հայկական ձգձգումի մարտավարութեան ծառայող կոչեր:
Այսինքն, ի վերջոյ, Հայաստան եւս պիտի համոզուի, որ Ատրպէյճան վճռած է, մօտ ատենէն իրեն ի նպաստ լուծում մը չտեսնելու պարագային, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի դէմ պատերազմ ձեռնարկել:
Հետեւաբար, Հայաստան, պարտադրուած, մօտալուտ պատերազմի մը հաւանականութիւնը պիտի դարձնէ իր գործունէութեանց ու ծրագրումի առանցքը:
Մէկ խօսքով, եթէ Ատրպէյճան ձեւի համար միայն ռազմաշունչ ճառեր կ՛արտասանէ, ապա կրնայ ինքնիրեն գտնել իրական պատերազմ մը իր գլխուն հրաւիրելու անհաճոյ իրողութեան առջեւ, որովհետեւ դիմացինին ուղղակի այլընտրանք չի ձգեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.