ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 9ին, Բրիտանիա գտնուող Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն մտահոգ է Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ սրող լարուածութեամբ, միաժամանակ անուղղակիօրէն քննադատելով Եւրոպական Միութեան կարգ մը երկիրներ, որոնք դէմ կենալով Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու աշխատանքներուն՝ զայն սկսած է դէպի Արեւելք մղելու:
Ակնարկելով Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ՝ Կէյց աւելցուց. «Երկուքը բաւական շինիչ յարաբերութիւններ հաստատած էին՝ նպաստելով շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու աշխատանքներուն, եւ կը յուսամ, որ ժամանակի թաւալումով, նման յարաբերութիւններ կը վերահաստատուին»:
Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Թայմզ»ի մէջ Երեքշաբթի օր լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, վերլուծաբան Էլի Լէյք եւս անդրադարձած է Իսրայէլ-Թուրքիա լարուածութեան՝ հասնելով այն եզրակացութեան, որ ներկայիս իսրայէլեան կազմակերպութինները Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նեցուկ կանգնելու տրամադրութիւնը չունին:
Ամերիկացի հրեայ ղեկավարները կը շեշտեն, թէ հակառակ ստեղծուած լարուածութեան, շարք մը մարզերու մէջ ամուր կապեր պիտի մնան երկու երկիրներուն միջեւ: Անոնք կը շեշտեն, թէ յարաբերութիւնները աստիճանաբար վատթարանալ սկսած են իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան՝ իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր:
«Թուրքերը ներկայիս ունին ծայրայեղական կառավարութիւն մը, որ ընտրած է անցեալի յարաբերութիւնները ոտնակոխելու ճամբան», կը յայտնէ Ամերիկա-հրէական գլխաւոր կազմակերպութեանց նախագահներու խորհուրդի փոխատենապետ Մայքըլ Հոյնլըն:
Ամերիկահրէական յանձնախումբի նախկին ղեկավարներէն Պերի Ճէյքըպզ կ՛աւելցնէ, թէ յարաբերութիւնները սկսած են վատթարանալու յատկապէս Լիբանանի «Հըզպալլա» կազմակերպութեան վրայ 2006ին տեղի ունեցած իսրայէլեան յարձակումէն ի վեր, երբ Թուրքիա որդեգրած էր Իսրայէլը դատապարտելու «արաբէն աւելի արաբ» կեցուածք մը: Ան կը քննադատէ նաեւ «Համաս»ի նեցուկ կանգնելու Անգարայի դիրքորոշումը:
Այս պայմաններուն տակ է, որ, ըստ Ճէյքըպզի, հրէական կազմակերպութիւնները 2008ին որոշած են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ կեցուածք չորդեգրել:
Հրէական ADL կազմակերպութեան նախագահ Էյպ Ֆաքսմեն Իսրայէլ-Թուրքիա խզումը կը կապէ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին եւ Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ու Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզի միջեւ բանավէճին հետ, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ Անգարա արդէն իսկ որոշած էր իր կեցուածքը փոխել, բայց Կազայի յարձակումին նման լաւ առիթի մը կը սպասէր այդ մէկը կատարելու համար:
Ֆաքսմեն եւս յոյս կը յայտնէ, որ յարաբերութիւնները ամբողջութեամբ չեն խզուիր, սակայն միաժամանակ կ՛ազդարարէ, թէ Իսրայէլի դէմ թրքական իւրքանչիւր քայլ կապ մը եւս կը խզէ երկու երկիրներուն միջեւ:
Ֆաքսմենէն առաջ ADL-ի նախագահի պաշտօնը ստանձնած Մորիս Ամիթայ աւելի կտրուկ է կացութեան իր արժեւորման մէջ: «Եթէ այսօր մէկը հարց տայ, թէ Քոնկրեսի մէջ Թուրքիան կրնա՞ս պաշտպանել, պատասխանս պիտի ըլլայ՝ «Կատա՞կ կ՛ընես»»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.