ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 8ին, Թուրքիոյ մէջ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ Հայաստանը կը շարունակէ մերժել Մատրիտեան նոր սկզբունքներու փաստաթուղթը, որուն հետեւանքով Ատրպէյճան պարտադրուած է վերանայելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման բանակցութիւններու մասնակցելու հարցը։
«Հայաստանը դեռ որեւէ պատասխան չէ տուած ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ներկայացուցած Մատրիտեան նոր սկզբունքներուն գծով։ Այդ պայմաններուն մէջ միջնորդ երկիրները պէտք է իրենց խօսքը ըսեն։ Ատրպէյճանը տուած է իր սկզբունքային համաձայնութիւնը այդ փաստաթուղթին, թէեւ կան մեզի համար անընդունելի որոշ կէտեր: Սկզբունքները կ՛արտացոլացնեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման, փախստականներու վերադարձի հարցերը։ Հայաստանէն պատասխան չկայ։ Ատրպէյճանն ու միջնորդները որքա՞ն պիտի սպասեն պատասխանի», նշած է Ալիեւ։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ եթէ Հայաստանը շարունակէ ժամանակ վատնել եւ հրաժարի Մատրիտեան փաստաթուղթէն, ապա «մենք պիտի վերանայինք բանակցային գործընթացին մեր մասնակցութեան հեռանկարները, եւ պիտի աշխատինք որեւէ ճանապարհով վերականգնել մեր տարածքային ամբողջականութիւնը»։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի խորհրդարանը Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած արտակարգ նիստի մը ընթացքին վաւերացուցած է երկրին ռազմաքաղաքական նոր փաստաթուղթը, ուր Հայաստան ներկայացուած է իբրեւ «նախայարձակ» երկիր: Հոն կը նշուի, թէ Ատրպէյճանը իրեն իրաւունք կը վերապահէ կիրարկելու բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ ներառեալ ռազմական ուժը, «ազատագրելու համար իր գրաւեալ տարածքները եւ վերականգնելու համար երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»։
Ըստ փաստաթուղթին, «Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ստեղծուած անջատողական վարչակարգին պաշտօնական ճանաչման նպատակով ցուցաբերուած որեւէ քաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ այլ աջակցութիւն պիտի գնահատուի իբրեւ Ատրպէյճանի հանրապետութեան դէմ ուղղուած գործողութիւն»։
Ռազմական նոր վարդապետութիւնը առիթ կու տայ «ռազմաքաղաքական իրադրութեան արմատական փոփոխութիւններու պարագային», երկրի տարածքին ժամանակաւոր օտարերկրեայ ռազմակայաններ տեղակայելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.