ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 9 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43 ընտրատարածքի արտակարգ ընտրութեանց մասնակցող Մայք Կաթոյի յաղթանակը:
Ան պիտի զբաղեցնէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Փօլ Գրիգորեանի աթոռը մինչեւ յառաջիկայ Նոյեմբեր, երբ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական հերթական ընտրութիւնները:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ստեփան Պոյաճեան յոյս յայտնեց, որ յատկապէս ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն պարագային, կարելի կ՛ըլլայ յառաջիկայ ամիսներուն սերտ համագործակցութիւն հաստատել նորընտիր նահանգային խորհրդարանականին հետ:
Ընտրութեանց նախօրեակին Կաթօ մօտիկ կապեր հաստատած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ շրջանի հայութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.