ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի խորհրդարանը Յունիս 9ին քննարկած է ՀՀ օրէնքին մէջ «Լեզուի մասին» փոփոխութիւններու նախագիծը, զոր ներկայացուցած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, ըստ որուն, մինչեւ օրինագիծի խորհրդարան բերուիլը, անիկա ենթարկուած է բաւական լուրջ փոփոխութիւններու, հաշուի առնելով նաեւ հասարակական լայն քննարկումները։
«Մասնաւորապէս խօսքը վերաբերում է օտարալեզու դպրոցների քանակին, այն կրթական աստիճանին, որով հնարաւոր է իրականացնել նմանատիպ կրթութիւն, հայոց լեզուի դասաւանդման օրէնսդրական երաշխիքին եւ համապատասխան տարածքային բաշխուածութեանը», ըսած է Ա. Աշոտեան։
Նախարարին կանխատեսումով, նախագիծերու վերջնական քննարկումէն առաջ հնարաւոր է բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարել ուսուցման եղանակին մէջ, նկատի ունենալով, որ հասարակական լայն արձագանգը անոնց մէջ նկատել տուած է որոշ վտանգաւոր դրոյթներ։
«Միջազգային ծրագրերի մեծ մասը, որոնց համար նախատեսուած է նման օրինագծի ընդունումը եւ անհրաժեշտութիւնը, բխում է կոնկրետ (յստակ) միջազգային մի քանի դպրոց Հայաստանում ունենալու հրամայականից, դրանց ծրագիրը յստակ սկսւում է ինչ-որ մի դասարանից: Այնպէս որ մենք պատրաստ ենք ընդհանուր քննարկումների արդիւնքում ֆիքսել (հաստատել) որեւէ մի դասարան, սակայն որպէս կանոն, այդ ծրագիրը սկսւում է 7րդ դասարանից», տեղեկացուցած է Ա. Աշոտեան:
Այնուհետեւ, հարցին վերաբերեալ քննարկումներ ընթացած են ԱԺ պատգամաւորներուն կողմէ: Ընթացքին, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) պատգամաւոր Նայիրա Զոհրաբեան ներկայացուցած է իր կուսակցութեան դիրքորոշումը, որուն համաձայն, իրենք կողմ պիտի քուէարկեն, եթէ միջազգային ծրագիրը, այսինքն՝ օտարալեզու կրթութիւնը, կիրառուի միայն աւագ դպրոցներու մէջ:
Միասնական կուսակցութեան անդամ՝ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան (ՕԵԿ) ղեկավար Հեղինէ Բիշարեանը, իբրեւ մանկավարժ՝ Աշոտեանին տեղեկացուցած է, որ այդ ձեւի ծրագիրի մը իրականացումը արդիւնք կու տայ միայն միջին դպրոցէն սկսել կիրառուելու պարագային։
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւոր Մկրտիչ Մինասեանը, իր կարգին նկատած է, որ յատկապէս հայերէն նիւթերու բաժինը պահպանելու պարագային, լեզուամտածողութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները անտեղի են: «Ձեր ներկայացրած միջազգային ծրագրերով երեխայի հոգու խորքում անթեղուած կրակը կը բոցավառուի», ըսած է Մկրտիչ Մինասեան, մինչ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեանը յայտնած է, թէ անկախ բառախաղերէն եւ անկախ այն բանէն, որ «օտարալեզու դպրոց» հասկացութիւնը օրէնքին մէջ չկայ, անիկա չի փարատեր մտահոգութիւնը, որ օտար լեզուով կրթութիւն պիտի իրականացուի ՀՀի մէջ: «Միեւնոյն է, հասարակութիւնը «ո»չ է ասում օտարալեզու դպրոցներին, «այո» է ասում օտար լեզուի իմացութեանը եւ «ո»չ է ասում օրէնքում առաջարկուող փոփոխութիւններին», հաստատած է Ս. Սաֆարեան:
Պատասխանելով ՀՅԴ պատգամաւոր Արտիւշա Շահբազեանի հարցումին՝ Արմէն Աշոտեան յայտնած է, որ թէեւ առ այժմ ծրագիր չկայ ռուսերէն կրթութիւն իրականացնելու առումով, սակայն, անիկա՛ եւս չի բացառուիր։
Նոյն քննարկաման ժամանակ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Միանսեանը հարց բարձրացուցած է, թէ միջազգային փորձի ուսումնասիրութեան ժամանակ, ո՞ր երկիրներուն մէջ օտարալեզու դպրոցներ նկատուած են: Արմէն Աշոտեան պատասխանած է, թէ կարելի է համացանցով փնտռել եւ բազմաթիւ օրինակներ գտնել: ՀՅԴ պատգամաւորը ուսումնասիրութիւններուն վերաբերեալ տեղեկութիւն պահանջած է Աշոտեանէն, որ իր կարգին յայտնած է, թէ այդ տեղեկանքը կը փոխանակէ յանձնաժողովի նիստին ընթացքին՝ միջազգային փորձի ուսումնասիրութեան փաստաթուղթին հետ:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ հարց տուած է, թէ նախագիծը ներկայացնելով իբրեւ պետական նախաձեռնութիւն՝ օտարալեզու դպրոց բանալու իրաւունքը ինչո՞ւ միայն կը տրուի մանսաւոր հատուածին: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը նշած է, թէ օրէնքի նախագիծին մէջ յստակ նշուած է, որ նման դպրոցներ կրնան գործել բացառապէս ոչ պետական ոլորտի մէջ:
«Կայ հասարակութեան մէջ այն կարծիքը, որ պետութիւնը չպէտք է նպաստի օտարալեզու կրթութեանը: Մենք համամիտ ենք եւ ուղղակի ստեղծում ենք հնարաւորութիւն օտարալեզու կրթութեան համար: Բայց այդ օտարալեզու դպրոցների համար չպէտք է ծախսուեն մեր հարկատուների փողերից: Օրինագծում այդ դրոյթը կայ», տեղեկացուցած է Աշոտեան եւ աւելցուցած, որ հանրապետութեան մէջ պիտի գործէ 15 օտարալեզու ուսուցմամբ ոչ պետական դպրոց։
Նշենք, որ քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ Յունիս 10ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.