ԼՈՆՏՈՆ.- «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթը, անդրադառնալով Կազայի հարցով Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութեան՝ Անգարան կը ներկայացնէ իբրեւ արեւմտեան աշխարհի գլխացաւը, աւելցնելով, թէ այս հակամարտութիւնը իրականութեան մէջ Ամերիկայի, Թուրքիոյ ու Իրանի միջեւ շարունակուող լարուածութեան արդիւնքն է։
Թերթը կը գրէ, թէ փորձելով դառնալ Միջին Արեւելքի առաջնորդ՝ Թուրքիա, արդէն իսկ Սուրիան չէզոքացուց ու իր գլխաւոր մրցակից Իրանին հետ կապերը սերտացուց։ Թուրքիոյ կառավարութեան այս ընթացքը յորդեցուցած է Իսրայէլի բարեկամներուն համբերութիւնը, բայց ստոյգ է, որ Իսրայէլ եւս սխալ կը գործէ Կազայի հարցով, ինքզինք նեղ կացութեան մատնելով:
Իր կարգին, բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» թերթը կը գրէ, որ Թուրքիա պիտի փորձէ Իսրայէլը հարուածել Իրանի գործօնով։ Օրաթերթը, վկայակոչելով անանուն աղբիւրներ՝ կը գրէ, որ Թուրքիա «շատ հաւանաբար փակէ Իրանի շարժումներուն հետեւելու համար իր տարածքին մէջ տեղակայուած իսրայէլեան հետախուզական կայանը», տկարացնելով Իրանի հիւլէական սպառնալիքին դէմ Իսրայէլի պաշտպանութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.