ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու փորձերու նախօրեակին, Թուրքիա եւ Պրազիլ Երեքշաբթի, Յունիս 8ին դարձեալ կոչ ուղղեցին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, որ խորհրդակցական հանդիպումներ կատարէ այս հարցով, սակայն դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ կը նախատեսուի, որ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու աշխատանքներուն կշռոյթը արագանայ այս շաբաթ։
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահող Մեքսիքան անցեալ շաբաթ յայտնած էր, որ այդ ուղղութեամբ որոշում մը կրնայ տասը օրուան ընթացքին քուէարկութեան դրուիլ, սակայն դիւանագէտներ կը յայտնեն, թէ արեւմտեան պետութիւնները ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջեն, որ այդ քուէարկութիւնը արագացնէ:
ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սուզըն Ռայս Երկուշաբթի օր լրագրողներու յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն երբ հարց տրուեցաւ, թէ այս շաբթուան ընթացքին պատժամիջոցներուն շուրջ քուէարկութիւն կատարելու կարելիութիւնը կա՞յ, ան գլխու շարժումով մը դրական պատասխան տուաւ։
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Իրան իր հիւլէական ծրագիրը բանակցութեանց նիւթի պիտի չվերածէ, եթէ Ապահովութեան խորհուրդը իր դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրէ: Ան աւելցուց, թէ Թուրքիոյ եւ Պրազիլի հետ «հիւլէական վառելանիւթի փոխանակման համաձայնութիւնը առիթ մըն է, որ պիտի չկրկնուի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.