ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ «Dw-world.de» կայքի տեղեկութիւններուն, գերմանական «Sueddeutsche Zeitung» թերթի, «ARD» հանրային պատկերասփիւռի, «DPA» լրատուական գործակալութեան եւ «Deutsche Welle» տեղեկատուական ընկերութեան լրագրողները վերջերս այցելած են Հայաստան։
«Deutsche Welle» իր ելեկտրոնային պարբերականով անդրադարձած է լրագրողներու Երեւան այցելութեան՝ ներկայացնելով անոնց հետ հարցազրոյցներ, Հայաստանի մասին տպաւորութիւններ: Գերմանացի լրագրողները գովեստի խօսքեր յայտնած են յատկապէս ճարտարապետութեան եւ հայկական խոհանոցի մասին:
«Այստեղ ճարտարապետութիւնը իրապէս իւրայատուկ է, ամբողջ կառոյցները ներդաշնակ են եւ կը յիշեցնեն միասնական ամբողջութիւն մը: Նոյնիսկ նորակառոյց շէնքերը կը շարունակեն այդ միասնական ներդաշնակութիւնը», ըսած է «Seuddeutsche Zeitung» թերթի լրագրող Սոնիա Զեքրի, որ տպաւորուած ըլլալով հայկական խոհանոցի բարձր մակարդակով՝ աւելցուցած է. «Հնարաւոր է, որ Հայաստանի կերակուրները աւելի համեղ են, քան Վրաստանինը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.