ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Յունիս 8ին ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Կաղարծի գիւղին մէջ բացուած է 17 զոհուած ազատամարտիկներու նուիրուած կոթողը, որ տեղադրուած է Հայրենական մեծ պատերազմին զոհերուն համար կանգնած յուշարձանին կողքին։ Կոթողը կառուցուած է ռուսիաբնակ կաղարծեցի բարերարներ Վրէժ եւ Արմէն Սաֆարեաններու օժանդակութեամբ։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, գիւղի դպրոցի ուսուցչուհի Լորա Սուլէյմանեան կարեւոր համարեց Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար պայքարին մէջ զոհուածներուն գործը։ «Ապրողներիս յիշողութեան մէջ նրանք մնացին ինչպէս անմար կանթեղ ու խղճի չափանիշ, քանզի նրանց ուղեղը միշտ թերթում էր նոյն էջը՝ Արցախը՝ հայերին, եւ հէնց դրա համար վտանգի ենթարկեցին իրենց կանաչ կեանքի արեւը՝ փրկելով մեր լուսաբացի արեւները», նշեց ան ու աւելցուց, որ ողջերը պարտաւոր են վառ պահել ազատամարտիկներուն յիշատակը, ու անոնց գործը հասցնել աւարտին, որն է՝ Արցախի կայանութիւնն ու անկախութեան ճանաչումը:
«Այսօր ինձ այս յուշակոթողը շատ բան է ասում: Վերստին ապրելու ուժ է ներարկում, հաւատ է ներշնչում ու, ի հարկէ, հպարտութիւն»,- իր խօսքին մէջ նշեց զոհուածի այրի Սիլվա Բաբայեան։
Այնուհետեւ, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի հրամանով, նուէրներ յանձնուեցան գործող բանակի շարք մը կաղարծեցի սպաներու եւ ազատամարտիկներու: Իսկ Արցախի ազատամարտիկներուն միութիւնը զոհուած 17 ազատամարտիկներու ընտանիքներուն յատկացուցած է 10,000ական դրամ օգնութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.