ՊԱՔՈՒ, »Էյ.Փի.Էյ.«.- Պոլսոյ մէջ Երեքշաբթի, Յունիս 8ին սկսած Ասիոյ երկիրներու համագործակցութեան շուրջ խորհրդակցութիւններու երրորդ վեհաժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պնդեց, թէ Ատրպէյճան կարեւոր դերակատարութիւն ունի շրջանի բարգաւաճումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ, մատնանշելով յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ երկրին իրագործումները:
Ան նաեւ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի տարածքները կը շարունակեն մնալ »հայկական բռնագրաւումի տակ, եւ թէ մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներ գաղթական դարձած են ու ենթարկուած ենք ցեղային մաքրագործման«:
Պահանջելով հայկական ուժեերու նահանջը՝ Ալիեւ նաեւ պնդեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումով ու հայ փոքրամասնութեան ինքնավարութեան իրաւունքի շնորհումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.