Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի մեծ-մեծ հօր շարաւիղներէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ նամակով մը դէմ արտայայտուած է նախագահին անուան կեդրոնին կողմէ շնորհուող հանրային սպասարկութեան մրցանակը այս տարի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումին՝ քննադատելով յատկապէս »Ուուտրօ Ուիլսըն« կեդրոնի գործադիր վարիչ Լի Հեմըլթընի դերակատարութիւնը այս որոշումին մէջ:
Այս որոշումը կը համարուի հիմնարկին անունը կրող նախագահին սկզբունքներուն դէմ առնուած քայլ մը, ըսած է ան՝ նշելով, որ Տաւութօղլու անձ մըն է, որ ատուած է եւրասիական շարք մը ժողովուրդներու կողմէ, որոնց պաշտպանը հանդիսացած էր նախագահ Ուիլսընը:
Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Տաւութօղլուի եւ անոր մաս կազմած կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան զոհ գացած են մարդկային իրաւանց հազարաւոր գործիչներ եւ մտաւորականներ, Թուրքիայէն ներս կամ անկէ դուրս:
Պնդելով, թէ մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումը Սպիտակ տան կողմէ բանեցուող ճնշումներու հետեւանք է՝ Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ կը գրէ, թէ Հեմըլթըն կրնայ նաեւ այս որոշումին դիմած ըլլալ՝ Թուրքիոյ ի շահ լոպիական աշխատանք տանող իր բարեկամները գոհացնելու համար, ակնարկելով յատկապէս Տիք Կեփհարթի գլխաւորած լոպիական խմբակին:
Աւարտին, ան ցաւ յայտնած է, որ անգամ մը եւս պամտական կարեւոր դէմքերու անունով հիմնարկներուն վարկը զոհ կ՛երթայ ճղճիմ հաշիւներու:
Յայտնենք, թէ Լի Հեմըլթըն Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախկին ատենապետ մըն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.