ԹՈՐՈՆԹՕ.- Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին աւելի քան երկու տարիներու ջանքերուն շնորհիւ, Ճորճթաունի մէջ 1923-1927ի միջեւ հայ պատանիներու ապաստանարան դարձած ագարակատունը պատմական կառոյց պիտի հռչակուի:
Նշենք, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած 109 պատանիներ եւ 29 պարմաններ ապրած են սոյմ ագարակատան մէջ:
Գանատայի Օնթարիա նահանգի Հալթըն Հիլզ քաղաքին մէջ գտնուող Ճորճթաունի տղոց ագարակատունը պատմական կառոյց դարձնելու Մայիս 25ի որոշումը պիտի իրագործուի ու այդ նպատակով պատրաստուած յատուկ ցուցատախտակ մը պիտի զետեղուի Յունիս 26ին կայանալիք պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.