Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օպիսպօ գաւառի վերահսկիչներու մարմին անդամ Քաջօ Աշաճեան ընտրապայքար կը մղէ դառնալու համար Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ: 33րդ ընտրատարածքին նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան երեքշաբթի, Յունիս 8ին եւ ան արդէն իսկ կրցած է բաւական մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութեանց եւ կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը ապահովել: Անոնց ամբողջական ցանկը տեսնելու համար, այցելել www.katchoforassembly.org համացանցային կայքը:
20 տարեկանին Լիբանանէն Սան Լուիս Օպիսպօ հաստատուած եւ տեղւոյն համալսարանը աւարտելէ ետք գործարարական յաջող ասպարէզ մը ապահոված Քաջօ Աշաճեանը վերջին 12 տարիներուն իր համայնքին քաղաքական կեանքին մաս կազմած է՝ դառնալով վերահսկիչներու մարմինի անդամ, նպաստելով գաւառին ամավարկը հաւասարակշռելու աշխատանքներուն: Ան նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցած է շրջանի կրթական մարզը, վարժարաններու ապահովութիւնը եւ առողջապահութեան մարզը բարելաւելու աշխատանքներուն մէջ:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ ընտրապայքարին աջակցելու մասին տեղեկութիւններու համար, դիմել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ՝ (818) 500-1918 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.