Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագրի կրթական բաժնի վարիչ Սարա Քոհըն Մայիս 7ին այցլած է Ծիծեռնակաբերդի Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով անոր անձնակազմին հետ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ցեղասպանութեան նիւթը դասաւանդելու հարցերուն շուրջ:
Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու պետական վարժարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար տարուած աշխատանքներուն մասին, միաժամանակ խոստանալով սերտ կապեր հաստատել թանգարանին հետ:
«Կը կարծէի, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը մեր անցեալին մաս կը կազմէ, սակայն այս այցելութենէն ետք տպաւորութիւնս փոխուեցաւ: Ինչպէս 1980ականներուն տեղի ունեցած Ատրպէյճանի հայերուն ջարդերը ցոյց տուին, նման բռնարարքներ այսօր եւս կրնան կրկնուիլ», կը յայտնէ հայկական ծագում ունեցող Սարա Քոհըն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.