ՖՐԵԶՆՕ.- Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու համար աշխատանք տարած քոնկրեսական Ճորճ Ռատանովիչ որոշած էր յառաջիկայ ընտրութեանց չմասնակցիլ, որուն հետեւանքով ալ չորս հանրապետականներ պայքար կը մղեն հանդիսանալու համար Քալիֆորնիոյ 19րդ ընտրատարածքի ներկայացուցիչը Քոնկրեսին մէջ:
Անոնցմէ մէկն է Ֆրեզնոյի նախկին քաղաքապետ Ճիմ Փեթըրսըն, որ Յունիս 1ին, հրապարակած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան ուղղուած մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, ուր նշած է, թէ իրեն համար յոյժ կարեւոր է հայութեան քուէներուն ապահովումը:
Դիտել տալով, որ 1880ականներէն ի վեր շրջանը հաստատուած հայութիւնը կը հանդիսանայ շրջանին ամենահին համայնքներէն մէկը՝ Փեթըրսըն կը գրէ, թէ հայ բնակիչները կարեւոր ներդրում ունեցած են շրջանի պատմութեան մէջ:
Ան նաեւ կը գրէ, թէ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ եղած տարիներուն մօտիկ կապեր հաստատած է շարք մը հայերու հետ՝ հանդիսանալով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին ջատագովներէն մէկը:
«Իբրեւ միջազգային յարաբերութեանց ուսանող մը՝ շատ լաւ ծանօթ եմ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Հակառակ այն իրողութեան, որ ոչինչ կրնայ փոխարինել մարդկային զոհերը, անոնց պատճառած ցաւերը եւ մշակութային, տնտեսական եւ հողային կորուստները, կը հաւատամ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վնասուց հատուցման քայլերը անխուսափելի են: Ձեր օժանդակութեամբ, պիտի դառնամ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ ամերիկահայութեան շահերուն պաշտպանը», կը գրէ ան, միաժամանակ շեշտելով Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը ապահովելու կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, թէ շրջանի գլխաւոր օրաթերթը՝ «Ֆրեզնօ Պի»ն, որոշած է նեցուկ կանգնիլ Փեթըրսընի ընտրութեան, կոչ ընելով իր ընթերցողներուն, որ անոր ի նպաստ քուէարկեն Երեքշաբթի, Յունիս 8ին կայանալիք նախնական ընտրութեանց, որմէ յաղթական դուրս եկողը շատ հաւանաբար պարտութեան մատնէ դեմոկրատ որեւէ հակառակորդ, որովհետեւ շրջանը հանրապետականներու ամրոց կը նկատուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.