ՊՈԼԻՍ.- Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ։ Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, մէկ ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին Էրտողան Օպամայի ներկայացուցած է իր մտահոգութիւնները Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն հետ կապուած միջադէպին առնչութեամբ։
«Իսրայէլը կանգնած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման համար մինչեւ օրս ամենամեծ ներդրումը կատարած իր միակ բարեկամը կորսնցնելու վտանգին առջեւ», յայտնած է Էրտողան՝ պահանջելով, որ Իսրայէլը անյապաղ վերցնէ Կազայի շրջափակումը։ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին, ինչպէս նաեւ օրեր առաջ Ալեքսանտրեթի մէջ թրքական ծովուժի վրայ տեղի ունեցած յարձակումին հետեւանքով արձանագրուած թուրք զոհերուն առնչութեամբ։ Օպամա չէ դատապարտած Իսրայէլի գործողութիւնը։ Աւելին, ըստ «Vesti.ru» կայքէջին, Սպիտակ տան ղեկավարը Էրտողանին ըսած է, որ հարկ էր փնտռել Կազա մարդասիրական բեռներ տեղափոխելու այլ ուղիներ, որոնք չէին սպառնար Իսրայէլի ապահովութեան։
Մինչ Իսրայէլի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի օր արտաքսեցին մօտաւորապէս 700 գործիչները, որոնք նաւերուն վրայ կը գտնուէին, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ մէջ աշխատող իր դիւանագէտներէն պահանջած է Թուրքիայէն հեռացնել իրենց ընտանիքները։ Թել Աւիւ իր դիւանագէտներէն պահանջած է մնալ Թուրքիոյ մէջ, հակառակ անոր, որ Թուրքիան Իսրայէլէն հեռացուցած է իր դեսպանը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի օր որդեգրեց յայտարարութիւն մը՝ բուռն կերպով քննադատելով օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումը։ Խորհրդարանը յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու Իսրայէլի հետ իր քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական յարաբերութիւնները, ու աւելի ազդու քայլերու դիմելու։
Թուրքիոյ խորհրդարանը յայտնեց, որ միջազգային անկախ յանձնախումբ մը պէտք է կազմուի յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար։ Յայտարարութիւնը նաեւ Իսրայէլի կոչ ուղղեց պաշտօնապէս ներում հայցելու եւ զոհերուն փոխհատուցում տալու։
Յայտարարութիւնը պահանջեց ՄԱԿի կողմէ Իսրայէլը դատապարտող եւ անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատող որոշում մը։ Թուրքիոյ խորհրդարանը նաեւ յոյս յայտնեց, որ թուրք ժողովուրդը Թուրքիոյ մէջ բնակող հրեաները թիրախ չդարձնէ։
Երեքշաբթի օր, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւս յայտնեց, որ քայլեր պէտք է որդեգրուին, որպէսզի Իսրայէլ դադրի միջազգային օրէնքը բռնաբարելէ։ Ամերիկացի պաշտօնատարներու, ներառեալ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ իր հանդիպումներէն ետք, Տաւութօղլու լրագրողներուն յայտնեց, թէ իսրայէլեան իշխանութիւններ հարցաքննութեան «պէտք է ենթարկուին այս ծովահէնութեան դիմելնուն համար»։
«Մենք իսրայէլեան յարձակումը հետաքննութեան ենթարկելու համար միջազգային անկախ յանձնախումբի մը կազմութեան մեր պահանջքը փոխանցած ենք ամերիկացի պաշտօնատարներուն։ Պիտի չբաւարարուինք միայն Իսրայէլի կողմէ կատարուած հետաքննութեամբ։ Այս յարձակումը միջազգային ջուրերու մէջ եղաւ», ըսաւ Տաւութօղլու եւ նշեց, որ բերանացի ներում խնդրելը պիտի չբաւարարէ Թուրքիան։ «Պէտք է անկեղծ ըլլամ։ Շատ ուրախ չեմ երէկ Ուաշինկթընի կատարած յայտարարութեամբ։ Մենք յստակ դատապարտում մը կը սպասենք։ Մեր դաշնակիցներէն ոմանք պատրաստ չեն իսրայէլեան արարքները դատապարտելու։ Ասիկա Թուրքիոյ համար Սեպտեմբեր 11ի յարձակումին նման է։ Ամբողջական զօրակցութիւն կ՛ակնկալենք։ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ընտրանք մը կատարելու հարց պէտք չէ ըլլալ։ Հարցը ճիշդի եւ սխալի միջեւ ընտրանք կատարելու կ՛առնչուի», աւելցուց ան։ Քլինթըն յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցի միջադէպին շուրջ անկողմնակալ, թափանցիկ եւ վստահելի հետաքննութեան մը միտող ՄԱԿի կոչին, ինչպէս նաեւ պիտի զօրակցի Իսրայէլին, որ նման հետաքննութիւն մը կատարէ։ Նշենք, որ Քլինթըն-Տաւութօղլու հանդիպումը փակ դռներու ետին կատարուեցաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.