ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ, Յունիս 1ին բացումը կատարուեցաւ «Ագեան» ցուցասրահին: Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Հայաստանի մէջ ԱՄՆի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մէրի Եովանովիչը, մշակութային-հասարակական գործիչներ եւ այլն: Նշենք, որ «Ագեան» հիմնադրամը 500 հազար տոլար տրամադրած է իբրեւ կրթաթոշակ, որուն նպատակն է աջակցիլ մարզերէն եկող ուսանողներու, իսկ անձամբ Զաւէն Ագեանը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Ագեան» ցուցասրահի կահաւորման համար նուիրաբերած է 283 հազար տոլար: Ցուցասրահի բացման առիթով ցուցադրուեցան Մարտիրոս Սարեանի հինգ կտաւները, ինչպէս նաեւ Մինաս Աւետիսեանի, Հենրի Սիրաւեանի եւ Սէյրան Խաթլամաջեանի ստեղծագործութիւնները:
Համալսարանի նախագահ Յարութիւն Արմէնեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօր հիմը կը դրուի Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի գործունէութեան նոր փուլին:
«Ամերիկեան համալսարանների կեանքում անհրաժեշտ մաս են կազմում արուեստի, մշակոյթի բաժինները, նոյնիսկ եթէ համալսարանը գիտական ուղղուածութիւն ունի», ըսաւ Յ. Արմէնեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ագեաններու ընտանիքին, որոնց շնորհիւ իրականացաւ ցուցասրահ հիմնադրելու երազանքը: «Այս համալսարանը ես փորձել եմ սահմանել 4 բառով՝ այլընտրանքային, այսինքն՝ ազատ ընտրութեան գաղափարի առկայութիւնը, որ բոլորն ունեն այստեղ, երկրորդը՝ մասնագիտութիւնների համալսարան, երրորդն այն է, որ մենք միշտ ձգտում ենք բարձրագոյն որակի ոչ միայն կրթութեան մէջ, այլեւ զանազան մասնագիտութիւնների, եւ չորրորդը՝ ձեռներէցութիւն», ըսաւ համալսարանի նախագահը: Անոր խօսքով, այս ցուցասրահը պիտի փորձէ նոր հասկացութիւն մտցնել համալսարանական կեանքին մէջ: «Յուսանք, որ այդ աւանդոյթը դեռ երկար ժամանակ իր տրամաբանական շարունակութիւնը կ՛ունենայ», նշեց ան:
Իր հերթին, Զաւէն Ագեան նշեց, թէ Ամերիկեան համալսարանը ուսումնական հրաշալի հաստատութիւն է, որ բարձրաձայն կը հաստատէ իր ամերիկեան արժէքները: Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, իրեն համար անակնկալ էր այն փաստը, որ ցուցասրահը կը բացուի երեխաներու պաշտպանութեան օրը, իսկ այդ հանգամանքը շատ խորհրդանշական է: «Սա մի իւրատեսակ ազդակ է, թէ յետագայում որտե՞ղ պէտք է սովորեն մեր երեխաները եւ ինչի՞ն հաղորդակից լինեն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այս ցուցասրահի բացումով հիմք կը դրուի հիանալի աւանդոյթի մը:
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մէրի Եովանովիչ, իր ելոյթին ընթացքին յայտնեց, թէ բառացի թարգմանութեամբ՝ թանգարան կը նշանակէ մուսաներու վայր: «Իսկ ո՞ւր կարելի է մուսաներու համար աւելի լաւ տեղ գտնել, քան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը։ Իրականութեան մէջ, անսահմանօրէն կարելի է զգացուիլ Մարտիրոս Սարեանի նկարներուն միջոցով», ըսաւ ան՝ յոյս յայտնելով, որ որոշ ժամանակ անց, ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին նաեւ համաշխարհային այլ գլուխգործոցներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.