ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Սարգսեանի, այս շաբաթ գործարկուած կառավարութեան նոր նախաձեռնութեամբ՝ փորձուած է մէկ կայքի մէջ մէկտեղել կառավարութեան ելեկտրոնային ծառայութիւնները, իսկ նոր կայք ստեղծելու եւ հինը վերափոխելու նպատակն է՝ ստանալ «Տինամիք կայք եւ առաւելագոյն թափանցիկութիւն»:
Նոր կայքը (www.e-gov.am) պիտի գործէ կառավարութեան պաշտօնական կայքին (www.gov.am) զուգահեռ: Այնտեղ տեղադրուած է «interactive budjet» ենթաբաժինը, ուր ներկայացուած են ամավարկին ծախսերը: Ի տարբերութիւն պաշտօնական կայքին, որ ներկայացուած է հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով, www.e-gov.am կայքը միայն հայերէն է:
«Սա առաջին քայլն է. մենք չենք յաւակնում ասել, որ կայքն ամբողջական է եւ բոլոր հարցերի պատասխանները կը տայ, այդ իսկ պատճառով, աշխատանքներ են կատարւում գոյութիւն ունեցող ելեկտրոնային ծառայութիւնները մէկտեղելու ուղղութեամբ», յայտնած է Տ. Սարգսեան ու աւելցուցած, որ յառաջիկայ ամիսներուն կայքը նոր լրացումներով պիտի թարմացուի:
Նշենք, որ նոր կայքին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ կառավարութեան եւ վարչապետի որոշումները: Կայքը հնարաւորութիւն պիտի տայ նաեւ ելեկտրոնային նամակ ուղարկելու կառավարութեան, հետեւելու նամակի ընթացքին, ներկայացնելու հարկային հաշուետուութիւններ, ելեկտրոնային տեսքով դիմումներ (օրինակ՝ գիւտեր) ներկայացնելու Մտաւոր սեփականութեան գործակալութեան: Անիկա նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ ստանալու ելեկտրոնային անցագիր եւ ելեկտրոնային ստորագրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.