ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի աշխատակազմը, Հայաստանի հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, «Viva Cell-MTS» ընկերութեան եւ «Մէկ ազգ, Մէկ մշակոյթ» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ՝ հրատարակած է Հայկական շարժապատկերի գրացուցակը, որ կ՛ընդգրկէ 1924-2008ի եւ մասամբ 2009ի ընթացքին հայկական շարժապատկերի պատմութիւնը եւ որուն մասին խօսուած է Մայիս 25ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին:
«Սա ամենապէտքական գիրքն է այսօր կինոյի աշխարհում: Այն ե՛ւ գիտական, ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ արուեստի աշխատանք է», ըսած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը՝ նշելով, որ այս աշխատանքը պիտի օգնէ հայկական շարժապատկերի ճիշդ գնահատման:
«Մենք շատ մեծ ժառանգութիւն ունենք, ու այս գիրքը դրա վկայութիւնն է: Ունեցել ենք բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնց ամբողջ ժառանգութիւնը մեր ձեռքի տակ է, եւ մենք պէտք է կարողանանք ճիշդ գնահատել ու ներկայացնել այն», իր կարգին յայտնած է գիրքի գլխաւոր խմբագիր Սուսաննա Յարութիւնեանը՝ աւելցնելով, որ այսօրուան հայկական շարժապատկերի յաջողութիւնը պատահական չէ, քանի որ «թիկունքում մենք լուրջ ժառանգութիւն ունենք»:
Միւս գլխաւոր խմբագիր Միքայէլ Ստամբոլցեանը, իր կարգին, կարեւոր համարած է նմանատիպ հրատարակութիւնը։ «Կինոյով զբաղուած ցանկացած մարդ պիտի ունենայ այս գիրքը», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հրատարակութիւնը կ՛անդրադառնայ հայկական բոլոր շարժապատկերներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.