Ա. ՄԱՍ
Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութեան ութերորդ տասնամեակը վերակառուցման, վերահաստատման, արտաքին աշխարհին բացուելու, շինարարութեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի աղէտեալներուն օգնութեան հասնելու բազմազբաղ ժամանակաշրջան մը եղաւ:

1980ին, ՀՕՄի բոլոր շրջանները եւ մեկուսի մասնաճիւղերը իրենց սիրելի կազմակերպութեան հիմնադրութեան 70ամեակը տօնեցին յատուկ յայտագիրներով: 70ամեակի առիթով ՀՕՄի կարգախօսն էր՝ հայապահպանում, օժանդակութիւն եւ մարդասիրութիւն, «Հայ Օգնութեան Միութիւն» անուան սկզբնատառերով կազմուած:
70ամեակի առիթով, 1980ին, ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը Լիբանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) առաջարկին անսալով, ՀՕՄի Անմիջական Յայտագիրներու (Հ.Ա.Յ., Fund for Armenian Resourses, FAR) հիմնադրամը հաստատեց: Այս համասփիւռքեան հանգանակութեան նպատակն էր 10 միլիոն տոլար հաւաքել, որպէսզի ՀՕՄը, աղէտներու կամ պատերազմի ժամանակ օգնութիւն հասցնէ գաղութներուն: Զանազան պատճառներով այս ձեռնարկը թափ չառաւ եւ միայն 1,218,636 տոլար հաւաքուեցաւ մինչեւ 1988:
Յունիս 1, 1980ին, ՀՕՄի նոր կառոյցին հիման վրայ, Կեդր. Վարչութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերուն եւ Գանատայի 69 մասնաճիւղերու ղեկավարութիւնը յանձնեց ՀՕՄի Հիւսիսային Ամերիկայի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան:
Հոկտեմբեր 9-13, 1980, Նիւ Եորք քաղաքի մէջ (ուր 70 տարիներ առաջ հիմը դրուած էր ՀՕՄի) գումարուեցաւ Համահայկական Կեդրոնական Վարչութեան 60րդ (նոր կառոյցով Առաջին) Պատգամաւորական Ժողովը: Աշխարհի ամէն կողմերէն պատգամաւորներ եկան, հիմնուած իրենց անդամներու թիւին վրայ եւ ժողովին մասնակցեցան համահաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով: Կեդրոնական վարչութիւնն ալ, իր կարգին, կը թելադրէր շեշտը դնել «Մէկ միութիւն, մէկ նպատակ» գաղափարին եւ «Մէկը՝ ամէնքին համար, ամէնքը մէկուն համար» նշանաբանին վրայ:
* * *
1978էն ի վեր անդամ ըլլալով ՄԱԿին, ՀՕՄը իր Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչին միջոցով՝ կանոնաւորաբար ներկայ գտնուեցաւ Միացեալ Ազգերու Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութեան հերթական հանդիպումներուն եւ անդամները տեղեակ պահեց ՄԱԿի աշխատանքներէն: 1980ը ըլլալով Մանուկներու Միջազգային Տարի, ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերը, աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ տօնեցին Հայ Մանուկին Տարին: Նաեւ, Կանանց Տասնամեակի (1975-1985) Եզրափակիչ Համագումարին, Կեդր. Վարչութեան ներկայացուցիչը, 1985ին, Նայրոպիի մէջ ներկայացուց ՀՕՄը եւ երկու ՀՕՄուհիներու հետ «Հայ կնոջ ինքնութեան» շուրջ աշխատանիստ մը կազմակերպեց: Հետագային, ՀՕՄի պաշտօնաթերթ «Հայ Սիրտ»ի մէջ յօդուածներ լոյս տեսան կիներու իրավիճակին եւ իրաւունքներուն վերաբերեալ (Womens Rights):
ՀՕՄի ութերորդ տասնամեակին, Համահայկական Կեդր. Վարչութիւնը իր միաւորները քաջալերեց, որ բացուին դէպի «արտաքին աշխարհ», անդամակցելով եւ գործակցելով այն օտար կազմակերպութիւններուն հետ, որոնց բարեսիրական նպատակները ՀՕՄի սկզբունքներուն համընթաց են, որպէսզի ՀՕՄը արժանանայ իր իրագործումներուն վայել միջազգային ճանաչման եւ օժանդակութեան:
Այս տասնամեակին Կեդր. Վարչութիւնը շարունակեց իր մնայուն յատկացումները ընել ՀՕՄի Հալէպի պատսպարանին, Ամմանի մասնաճիւղին, ՀՅԴ վեթերաններուն, Յունաստանի «Զաւարեան» եւ «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարաններուն, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչին: Հոգաց կրթական կարիքները՝ Այնճարի «Կիւլպէնկեան» վարժարանին, «Նշան Փալանճեան» եւ «Քարէն Եփփէ» ճեմարաններուն, ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանին՝ Տիթրոյթ, ՀՕՄի Ամառնային Հայագիտական Դասընթացքներուն, Ֆրանսահայ կապոյտ Խաչի ճամբարին, Հայագիտական Հիմնարկութեան՝ Լիբանան, Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղին, «Համազգային»ի ամէնօրեայ վարժարանին՝ Մարսէյլ, եւայլն:
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը ութերորդ տասնամեակին նաեւ որոշ յատկացումներ ըրաւ հետեւեալ շինարարական ծրագիրներուն.- Թորոնթոյի, Քէմպրիճի (Գանատա), Սան Ֆրանսիսքոյի, Ուինտզըրի, Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Հոլիվուտի, Շիքակոյի, Վանգուվըրի, Աւստրալիոյ եւ Վիէնի (Ֆրանսա) Հայ Կեդրոններու շինութեան, նաեւ՝ ՀՕՄի «Պոտուրեան» Հանգստեան Տան՝ Արժանթին, ՀՕՄի Արծուիկներու հաւաքավայրի նորոգութեան, Մոնթեվիտէօ՝ Ուրուկուէյ, Սուրիոյ Ընկերաբժշկական Կեդրոնին՝ Հալէպ, ՀԵԴի «Հայաստան» ճամբարի ճաշարանի շինութեան՝ Պոսթըն, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի ճամբարի նորոգութեան, Պէլֆոնթէն, Թեսաղոնիկէի Հայ Գթութեան Խաչի ճամբարի շինութեան, Լոնտոնի ՀՕՄի մանկապարտէզի շինութեան, «Համազգային»ի ամէնօրեայ վարժարանի շէնքի շինութեան՝ Թորոնթօ, «Զաւարեան» վարժարանի շէնքի շինութեան՝ Յունաստան, «Գռուզեան-Զաքարեան»վարժարանի տարրալուծարանին՝ Մեսեչուսէթ, ՀՕՄի «Գոլոլեան-Պապիկեան» վարժարանի տարրալուծարանին՝ Թորոնթօ, «Ս. Յակոբ» վարժարանի տարրալուծարանին՝ Մոնթրէալ, եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Հայ Տան գնման ու Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին:
Ութերորդ տասնամեակին, ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը յատկացումներ ըրաւ նաեւ հետեւեալ հաստատութիւններուն.- Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքային Վարժարանին, Աթէնքի Հայ Գթութեան Խաչին՝ Կորնթոսի երկրաշարժի աղէտեալներուն, Հայ Հետազօտական Հաստատութեան՝ Ուաշինկթըն Տի. Սի., «Զօրեան» հաստատութեան՝ Քէմպրիճ, Մեսեչուսէթ, «Համազգային»ի «Կանաչեան» երաժշտանոցին, «Սինֆոնովա» սենեկային նուագախումբին, Մխիթարեան Միաբանութիւններուն՝ Վիեննա եւ Վենետիկ, Ծրագիր «Սէյվ»ին (Project Save, Inc.), Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանին՝ Մեսեչուսէթ, Քնեթիքըթի համալսարանի Հայկական Ուսմանց բաժնին, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, ՀԵԴի 1989ի միջշրջանային սեմինարին եւ այլ բարեսիրական եւ մշակութային ձեռնարկներու:
Այս բոլոր յատկացումներէն զատ, ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը ամէն տարի իր կրթական հիմնադրամներէն՝ «Սոֆիա եւ Լեւոն Յակոբեան», «Սամուէլ եւ Աղաւնի Երեմեան», «Պօղոս Պալունեան», «Տիգրան Պաղտոյեան», «Մարի Ճիզմէճեան», եւայլն, բազմահազար տոլարներ յատկացուց կարօտեալներու կրթաթոշակներուն համար:
Ինչ կը վերաբերի լիբանահայ գաղութին, 1980-1990 տասնամեակին, կարելի եղած չափով, ԼՕԽի միջոցով անմիջական օգնութիւն հասցուց աղէտահար ժողովուրդին: Նախ, 1978ին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ ՀՕՄի միատեղ ճիգերով կէս միլիոն տոլարի նպաստ մը (grant) ձեռք բերին ԱՄՆի Միջազգային Զարգացման Գործակալութենէն (Agency for International Development, USAID), որ մինչեւ 1980 բաշխուեցաւ լիբանանահայ գաղութին, վերաշինութեան աշխատանքներու համար, ի մասնաւորի Պուրճ Համուտի մէջ:
Առողջապահական նպատակներու եւ անմիջական օգնութեան համար, Կեդր. Վարչութիւնը տասը տարիներու ընթացքին, զանազան առիթներով, մօտաւորապէս 300,000 տոլար առաքեց Լիբանան, անկախ ՀՕՄի ինը շրջաններու եւ ինը Մեկուսի մասնաճիւղերու ուղարկած գումարներէն: Կեդր. Վարչութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի դեղագործական ընկերութիւններէն դեղերու նուիրատուութիւններ ապահովելու համար արշաւի մը ձեռնարկեց, որուն իբրեւ արդիւնք, դեղերու տասը օդանաւային առաքումներ կատարուեցան դէպի Լիբանան:
1989ին, Կեդր. Վարչութիւնը օտար աղբիւրէ մը ձեռք բերուած 53,707 տոլար տրամադրեց ԼՕԽի «Արաքս Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, բժշկական սարքի մը համար: Իսկ 1980-1990, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի զանազան կարիքներուն համար, իր գանձէն մօտաւորապէս 94,00 տոլար նուիրեց:
–1939: ՀՕՄի պաշտօնաթերթ «Հայ Սիրտ»ի առաջին օրինակի կողքի նկարը, հրատարակուած 1939ին, որ սկզբնական տարիներուն «Հայ Կարմիր Խա»չ եռամսեայ պարբերաթերթ անունով կը հրատարակուէր: