ՊԸՐՊԵՆՔ.- 2009ի Նոյեմբերէն ի վեր, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք տարած է՝ քաղաքի հայ համայնքին մօտ 2010ի Միացեալ Նահանգներու մարդահամարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն սերմանելու, միաժամանակ շեշտելով մարդահամարին մասնակցելու եւ հարցաթղթիկին վրայ հայ ըլլալու իրողութիւնը մատնանշելու կարեւորութիւնը:
Այս նպատակով ստեղծուած էր յատուկ մարմին մը, որուն առաջնորդութեամբ իրկանացուեցան քանի մը ձեռնարկներ, որոնց շարքին էին թռուցիկներու պատրաստութիւն եւ բաշխում, ինչպէս նաեւ հանրային հաւաքներ: Մարմինին անդամները նաեւ առիթը ունեցան ուղղակի կապ հաստատելու քաղաքի աւելի քան 4000 բնակիչներուն հետ՝ մարդահամարին մասին իրենց կարծիքները փոխանցելով անոնց:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ մարդահամարի յատուկ մարմինի ատենապետուհիին՝ Սիլվա Քէշիշեանին, ու գործօն անդամներուն՝ Անիա Ալեքսանտրեանին, Կայծակ Շահպազեանին, Համլետ Ծատուրեանին, Ճոզեֆ Արշակեանին, Կարօ Այտինճեանին, Լուսին Մոսինեանին եւ Նանէ Շեհրազին:
Մարտին տեղի ունեցած կարգ մը նախաձեռնութիւններու, այս աշխատանքին նպաստած են նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի պաշտօնեաներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.