ԼՈՄԻԹԱ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ամերիկահելենական խորհուրդը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու Մարսի Ուինոկրատի ընտրապայքարին, իր ձայնը միացնելով բազմաթիւ կազմակերպութեանց եւ քաղաքական գործիչներու:
Յատկանշական է, որ մեծ ընկերութիւններէ նուիրատուութիւններ մերժող Ուինոկրատ ցարդ իր ընտրապայքարին համար գոյացուցած է 320,000 տոլար գումար մը:
Ան Քալիֆորնիոյ 36րդ ընտրատարածքը ներկայացնելու համար, պէտք է պարտութեան մատնէ քոնկրեսական Ճէյն Հարմընը:
Ուինոկրատ Ամերիկայի յառաջդիմական դեմոկրատներու Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին նախագահն է, համահիմնադիրն է Լոս Անճելըսի «Հրեաներ խաղաղութեան համար » կազմակերպութեան ու 15 տարիներէ ի վեր հանրային վարժարանի ուսուցչուհի է:
Յայտնենք, թէ Հարաւային ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը եւս նեցուկ կը կանգնի Ուինոկրատի ընտրապայքարին եւ կոչ կ՛ընէ ընտրատարածքի հայութեան, որ անոր ի նպաստ քուէարկէ Յունիս 8ին կայանալիք նախնական ընտրութեան ընթացքին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ընտրապայքարին օժանդակելու համար, այցելել www.winograd4congress.com համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.