Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական բաժանմունքին Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեան հիմնադրամի դասախօս դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա վերջերս Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեանի անուան համագաղութային վարժարանի «Գասպար Յովհաննէսեան» սրահին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ, նուիրուած հայ ժողովուրդին ինքնութեան պահպանումին եւ վերապրելու կամքին:
Ան ըսաւ, թէ մինչ ընդունուած համոզումը այն է, թէ հայերը իրենց ինքնութիւնը պահպանած են սովորաբար փակ ընկերութեան մը վերածուելով եւ որդեգրելով պահպանողական կեցուածքներ, ինքը կը հաւատայ, որ հայութեան ինքնութեան պահպանման գաղտնիքը կը կայանայ նորարութիւններ ընկալելու ու անոնց հետ համակերպելու միջոցներ գտնելու ձիրքին մէջ: Ան իր այս համոզումը հաստատելու համար բերաւ շարք մը օրինակներ՝ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան, կրօնքի եւ ընկերային կառոյցներու դիմագրաւած փոփոխութիւններուն ընդմէջէն:
Բանախօսութեան աւարտին, դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.