ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը, քննելէ ետք ամերիկացի Նորամ Քոքսի հարցը, վճռած է 12 հազար եուրոյի տուգանք սահմանել Թուրքիոյ դէմ:
Անգարան 1996ին որոշած է արգիլել Քոքսի Թուրքիա մուտքը, պարզապէս անոր համար, որ ան Թուրքիոյ մէջ դասախօսութիւններ տուած էր հայկական եւ քրտական հարցերուն մասին:
Ատեանը Թուրքիոյ այս որոշումը արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքի ոտնակոխում նկատեց: Քոքսը նախ 1986ին արտաքսուած էր Թուրքիայէն։ Երեք տարի ետք, ան անգամ մը եւս ձերբակալուած ու վտարուած է Թուրքիայէն, իսկ 1996ին անոր նկատմամբ սահմանուած էր մուտքի արգելք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.