ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը 59 թեր-39 դէմ ձայներով վաւերացուց նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած Միացեալ Նահանգներու դրամատնային համակարգի բարեփոխումներու ծրագրին մէկ տարբերակը։ Նախագիծը օրէնքի ուժ ստանալու համար, պէտք է համակագուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած տարբերակին հետ: Օրինագիծը նոր կարգ կը նախատեսէ ամերիկեան դրամատուներու եւ ելեւմտական շուկաներու գործունէութեան համար, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյնի իջեցնել անպատասխանատու եւ վտանգաւոր վարկերը եւ առաջքը առնել տնտեսական ճգնաժամերուն:
Միւս կողմէ, աշխատաւորական նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին 34 նահանգներու մէջ անգործութեան համեմատութիւնը անկում արձանագրած է, իսկ վեց նահանգներու մէջ՝ աճ: Մնացեալ 10 նահանգներուն մէջ անգործութեան համեմատութիւնը անփոփոխ մնացած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.