ՏՈՒՇԱՆՊԷ- Ըստ ատրպեճանական զանգուածային լրատուամիջոցներուն, Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Էքմելետտին Իհսանօղլու, կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու 37րդ նստաշրջանի բացման խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութիւնը կը զօրակցի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման։
Երեքշաբթի, Մայիս 18ին Տուշանպէի մէջ աշխատանքի սկսած նստաշրջանին կը մասնակցին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններէ պատուիրակութիւն, ինչպէս նաեւ դիտորդ երկիրներու, միջազգային եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Նստաշրջանի օրակարգին վրայ են պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութիւնը, Իրաքի եւ Սոմալիոյ մէջ կացութիւնը եւ Միջին Արեւելքը հիւլէական զէնքէն ազատ գօտի դարձնելու վերաբերող հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.