ՏՈՒՇԱՆՊԷ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Տուշանպէի մէջ Երեքշաբթի, Մայիս 18ին յայտարարեց. «Գոյութիւն ունին նորացուած առաջարկներ՝ ներկայացուած Մինսկի խմբակի համանախագահներու կողմէ, եւ անոնք այժմ սեղանին վրայ են։ Ատրպէյճանը արդէն յատարարած է, որ ընդհանուր առմամբ կ՛ընդունի այդ առաջարկները, եւ ես յոյսով եմ, որ համանախագահները պիտի յաջողին համոզել Հայաստանը, որ ան նոյնպէս ընդունի զանոնք իբրեւ հիմք, որպէսզի մենք անցնինք հայ-ատրպեճանական Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ պայմանագրի համապարփակ քննարկման»։
Ան նշեց, որ Յունիսի սկիզբին կը պատրաստուի հանդիպելու Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ։ «Պիտի քննենք խաղաղ կարգաւորման վերաբերող բոլոր հարցերը», ըսաւ Մամետեարով։
Մէկ օր առաջ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին հետ Պաքուի մէջ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս յայտնած էր. «ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի վերջին առաջարկները դրական արձագանգ ստացան Ատրպէյճանի կողմէ, սակայն Հայաստանը այդ առաջարկներուն դեռ չէ պատասխանած։ Մինսկի խմբակը պէտք է վճռական դիրքորոշում ցուցաբերէ եւ այդ գործը մինչեւ վերջ տանի: Եթէ Հայաստանը ընդունի Մատրիտեան նոր սկզբունքները եւ սկսի ատրպեճանական տարածքներէն հայկական ուժերը դուրս բերել, Ատրպէյճան պիտի բանայ Հայաստանի հետ բոլոր սահմանները եւ տարածաշրջանին մէջ պիտի իրականացուին խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար միջոցառումներ»:
Էրտողանի Պաքու այս այցելութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւնը կը նկատուի ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդ մը հիմնելու սկզբունքային որոշումը: Խորհուրդը պիտի հիմնուի Յունիս 7-8ին, երբ նախագահ Ալիեւ Թուրքիա այցելէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.