ԵՐԵՒԱՆ, ՙՓանԱրմինիըն՚.- Հայաստանի խորհրդարանը, Մայիս 18ին ընդունեց զրպարտութեան մասին օրինագիծը, որուն ամբողջացած եւ մշակուած տարբերակը, ըստ արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեանի, կը համապատասխանէ ներկայացուած պահանջներուն, նաեւ հաշուի կ՛առնէ հասարակական քննարկումներու արդիւնքներն ու զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առաջարկները:
Ըստ օրինագիծին, զրպարտանքն ու վիրաւորանքը այլեւս չեն համարուիր քրէականօրէն հետապնդուող արարքներ: Այն անձը, որ իր պատիւը, արժանապատուութիւնը կամ գործնական վարկը կը համարէ արատաւորուած, կրնայ դատի տալ զինք վիրաւորողը կամ զրպարտողըª պահանջելով վնասը փոխհատուցել, իսկ փոխհատուցումը կրնայ ըլլալ ներողութեան, հերքման կամ տուգանքի ձեւով:
Ըստ կանոնակարգին, ընդունուած օրինագիծը ուժի մէջ պիտի ըլլայ Հայաստանի նախագահին կողմէ հաստատուելէ ետք£