ԵՐԵՒԱՆ.- 2009ի Մայիսին Հայաստան այցելութեան իբրեւ արդիւնք, իտալացի բեմադրիչ Փիեթրօ Քիոտարելլիի կողմէ նկարահանուած է «Հայաստանի սուրբ քարերը» վաւերագրական շարժապատկերը՝ մօտ մէկ ժամ տեւողութեամբ։ Հայաստանի քրիստոնէական ճարտարապետութեան վերաբերեալ, ուր խորաթափանց կերպով կը ներկայացուին հայ միջնադարեան եկեղեցաշինութեան կոթողները, հարցազրոյցներ կ՛ընթանան անուանի հայ եւ իտալացի պատմաբաններու ու ճարտարագէտներու հետ:
Իտալիոյ մէջ շարժանկարը հասարակութեան լայն շրջանակներուն հասցնելու նպատակով, Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ Pietre Sacre D՛Armenia շարժանկարը պատճէնահանուած է 25,000 օրինակ եւ Իտալիոյ հեղինակաւոր հնագիտական «Archeologia Viva» ամսագրի 2010 Մայիս-Յունիս թիւին հետ իբրեւ ներդիր բաժնուած է ամսագրի բոլոր բաժանորդներուն:
Ամսագրի նոյն թիւին մէջ տպագրուած է Հայաստանի ճարտարապետական հարուստ ժառանգութեան եւ պատմամշակութային յուշարձաններու վերաբերեալ յօդուած: Իտալերէն նիւթը եւ աւելի մանրամասն տեղեկութիւնները զետեղուած են համացանցի՝ http://www.archeologiaviva.it/index.php/article/1718/PIETRE-SACRE-DARMENIA.html կայքին վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.