ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինիըն».- Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան Մայիս 15ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ԼՂ ժողովուրդը չի վախնար պատերազմէն, եւ Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն կ՛արձագանգէ այնպէս, ինչպէս ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը: «Մենք պատերազմից չենք վախենում, քանի որ մենք վստահ ենք մեր ուժերի վրայ: Պատերազմ սկսուելու դէպքում, մենք կրկին կը յաղթենք ու վերջնականապէս կը լուծենք այս հարցը», ըսած է նախարարը:
Ըստ նախարարին, ԼՂՀ Զինեալ ուժերու եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին վրայ մարտական հերթապահութիւնը կ՛իրականացուի բարձր մակարդակով, եւ հակառակորդի յարձակման պարագային, ղարաբաղեան բանակը կրնայ արժանի հարուած հասցնել:
Մովսէս Յակոբեան նաեւ յայտնած է, որ այս տարի Ղարաբաղի Զինեալ ուժերը ձեռք բերած է ռազմական նոր գիտարուեստ եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ: Ըստ իրեն, բանակի բարոյահոգեբանական վիճակը նոյնպէս լաւ վիճակի մէջ է, արդարեւ, երեք անգամով նուազած է դասալքութեան մակարդակը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.