ՍՈՖԻ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ֆինիքսի ՀԵԴի «Գետաշէն» ուխտին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին պահանջատիրութեան ցոյց տեղի ունեցաւ Ֆինիքսի քաղաքամէջը: Աւելի քան 150 հայորդիներ, ներառեալ շրջանի ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» կոմիտէէն, Հայ Դատի յանձնախումբէն, ՀՄԸՄէն եւ ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղէն անդամներ, մասնակցեցան քայլարշաւին եւ ցոյցին՝ դատապարտելով Թուրքիոյ կառավարութիւնը, միաժամանակ նաեւ քննադատեցին ամերիկեան իշխանութիւնները, որոնք կը մերժեն ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Ապա, ցոյցին մասնակիցները հաւաքուեցան Ֆինիքսի Հայ կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ հսկում եւ իրագործուեցաւ օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Ապրիլ 24ին, Արիզոնայի հայ գաղութը, դարձեալ Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչման յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, համախմբուեցաւ «Ուեսլի Պոլին» հրապարակին վրայ, ուր ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէի ատենապետ Վահէ Պօզոյեանը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Թամար Պապուճեանը: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա մօտաւորապէս 250 ներկաներ ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ընթերցուեցան Արիզոնայի նահանգապետի եւ Թեմփիի ու Սքացտէյլի քաղաքապետարաններուն կողմէ հրապարակուած Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիրները, եւ իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Թամար Պապուճեան: