Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Մայիս 22ին, ժամը 7:30էն սկսեալ, մասնաճիւղին ընկերային յանձնախումբը կազմակերպած է հաճոյքի երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Աւօ եւ Սեդա Ճեւելքեաններու բնակարանին մէջ (22021 San Miguel Street, Woodland Hills, CA, 91364): Ձեռնարկի ընթացքին պիտի գործադրուի գեղարուեստական կարճ յայտագիր մը, որմէ ետք՝ երաժշտութիւն, երգ, պար ու կատակերգական ելոյթներ: Տոմսերու համար, դիմել Ծովիկ Կէտիկեանին՝ (818) 632-2180 թիւով: Տոմսերու սակը 35 տոլար է, ներառեալ՝ ընթրիք եւ խմիչքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.