ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին փոխանցած տեղեկութիւններով, Մայիս 14ին ՀՀ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի կ՛ունենայ «Հայաստան» հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական՝ 19րդ նիստը, որուն կը մասնակցին խորհուրդի անդամները, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները, գործադիր վարչութեան աշխատակիցներ, բարերարներ եւ հրաւիրեալներ գործընկեր կազմակերպութիւններէ: Նիստը պիտի նախագահէ Հայաստանի նախագահ, ի պաշտօնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2009ի գործունէութիւնը ամբողջացնող ծրագրային եւ ելեւմտական հաշուետուութիւնները, վերստուգիչ յանձնաժողովի ու միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութեան եզրակացութիւնները: Կը նախատեսուի նաեւ տարուան հաշուետու տեսաերիզի ցուցադրութիւնը։
Պիտի հաստատուին հիմնադրամի ծրագրային ուղղութիւններն ու տարուան ռազմավարական ծրագիրը, որուն կը նպատակաուղղուին «Հեռուստամարաթոն 2010»ի նուիրատուութիւնները:
Քննարկումներու եւ առաջարկներու հիման վրայ կը յստականան հիմնադրամին գործունէութեան ներքին կազմակերպչական շարք մը հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.