ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Հինգշաբթի, Մայիս 13ին կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ, պատասխանելով Եւրոպական խորհրդարանի որոշ անդամներուն կողմէ ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի առնչութեամբ դիրքորոշումը յստակացնել պահանջող գրաւոր հարցումին՝ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան պարտականութիւնը ոչ թէ պատմութիւնը դատապարտելն է, այլ՝ հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն ապահովելը։
«Եւրոմիութիւնը կառոյց մըն է, որ այդ տարածաշրջանին մէջ կը հետապնդէ խաղաղութիւն, հաշտութիւն, ժողովրդավարութիւն, կայունութիւն ու բարօրութիւն, եւ կեդրոնացած է ապագայի վրայ», յայտարարած է Ֆիւլէն՝ խուսափելով ուղղակի պատասխան մը տալու դիմումին:
Ան միաժամանակ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կոչ ըրած է հաւատարիմ մնալու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, շեշտելով, թէ արձանագրութիւնները պէտք է առանց նախապայմանի վաւերացնել։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան հաստատման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.