ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան պետ Տենիզ Պայքալ Երկուշաբթի, Մայիս 10ի երեկոյեան յայտարարեց, թէ որոշած է հրաժարիլ կուսակցապետի պաշտօնէն՝ տեղի տալով համացանցին վրայ հրապարակուած սեռային լուսանկարներու գայթակղութեան հետեւանքով յառաջացած ներկուսակցական ու արտաքին ճնշումներուն:
Պայքալ հրաժարականը կարդալու ընթացքին յստակացուց, թէ դաւադրութեան մը զոհ գացած է եւ այդ դաւադրութեան գլխաւոր պատասխանատուն նկատեց իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:
Վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դատապարտեց Պայքալի այս ամբաստանութիւնը՝ զայն նոյնքան տգեղ համարելով, որքան Պայքալի լուսանկարներուն հրապարակումը:
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը արդէն իսկ կը պատրաստուէր իր ընդհանուր ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ երկու շաբաթէն եւ կարգ մը մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ Պայքալ կրնայ կուսակցապետ վերընտրուիլ հոն: Ան իր կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ 1992էն ի վեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.