ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Երեքշաբթի, Մայիս 11ին, Սուրիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի ջանքերուն մէջ ռուսական աւելի մեծ դերակատարութիւն մը խոստացաւ։ Մետվետեւ նաեւ Սուրիոյ քարիւղի եւ կազի ենթակառոյցներու զարգացման համար ռուսական օժանդակութիւն խոստացաւ։
Երկօրեայ հանդիպումներէն ետք, երկու ղեկավարները խոստացան մեծ կարեւորութիւն ընծայել արաբ-իսրայէլեան տագնապի լուծման աշխատանքներուն, եւ Իսրայէլի կոչ ուղղեցին հեռանալու Սուրիայէն գրաւուած Կոլանի բարձունքներէն։ Երկու ղեկավարները նաեւ Իսրայէլը քննադատեցին «Հըզպալլա»ի զէնք մատակարարելու հարցով Սուրիոյ հետ ստեղծուած արհեստական լարուածութեան եւ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ բնակեցման վայրերու ապօրինի շինարարութեանց համար։ Միացեալ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Ռուսիա եւ Սուրիա կը շեշտեն իրանեան հիւլէական ծրագիրին դիւանագիտական խաղաղ լուծումի մը հասնելու իրենց յանձնառութիւնը եւ կը զօրակցին բանակցութեանց ճամբով լուծում մը գտնելու ջանքերուն»։
Ասատ եւ Մետվետեւ նաեւ Իսրայէլի կոչ ուղղեցին մաս կազմելու հիւլէական զէնքերու տարածումը արգիլող ուխտին։ Մետվետեւ նաեւ խոստացաւ Սուրիոյ հետ ռուսական զինուորական գործակցութիւնը շարունակել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.