ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ լեզուագիտական ընկերութիւնը վերջերս հրատարակած է հայերէն-թրքերէն/թրքերէն-հայերէն բառարան մը, որ Թուրքիոյ մէջ արժանացած է մեծ ուշադրութեան։
Թրքական «Հուրրիյէթ» թերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին ընկերութեան տնօրէն Շիւքրու Հալուք Աքալըն նշած է, որ հայ լեզուաբանները մեծ աւանդ ունեցած են թրքերէն լեզուի կայացման մէջ: «Թրքերէնի առաջին արմատական բառարաններէն մէկուն հեղինակը Պետրոս Քերեսթէճեանն է: Այլ հայ լեզուաբան մը՝ Պետրոս Զէքի Կարապետեան, հեղինակած է թրքերէնի բազմաթիւ բառարաններ: Հայկական դպրոցներուն մէջ թրքերէնի դասաւանդման համար, ան կազմած է աւելի քան 50 բառարան», ըսած է թուրք փրոֆեսէօրը՝ աւելցնելով, որ հայ լեզուաբանները, մասնաւորապէս՝ Յակոբ Մարթայեան (Յակոբ Տիլաչար), մեծ աւանդ ունեցած են թրքերէն լեզուի կայացման գործին մէջ: «Ցաւօք, աւելի քան 100 տարի, բացի զբօսաշրջութեան նպատակով ստեղծուած առեւտուրի ոլորտին առնչուող բառարանէն, Թուրքիոյ մէջ այլ բառարաններ չեն կրցած հրատարակել: Այդ բացը լրացնելու համար, հրատարակած ենք թրքերէն-հայերէն/հայերէն-թրքերէն բառարան: Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ տակաւին նոր սկսած ենք հայագիտական ամպիոններ բանալու: Մեր պատմաբաններուն մէջ հայերէնին տիրապետող մասնագէտներուն թիւը այնքան քիչ է, որ կարելի է ըսել՝ չկայ», ըսած է Շ. Աքալըն:
Անոր գնահատումով, հրապարակուած այդ բառարանը պատմական մեծ կարեւորութիւն ունի: «Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իբրեւ հաւատարիմ ժողովուրդ անուանուող հայերը, վարած են կրթական, ուսումնական աշխոյժ կեանք: Անոնք եղած են արուեստի, մշակոյթի եւ տպագրութեան եռուզեռի մէջ: Թրքերէն լեզուի համար ջանք թափած հայերը մեծ ծառայութիւն մատուցած են Թուրքիոյ», աւելցուցած է ան՝ նշելով, որ իր ընկերութիւնը այժմ կը զբաղի թրքերէն-հայերէն զրուցարան կազմելու գործով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.