ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բռնցքամարտի համաշխարհային խորհուրդի՝ WBC-ի, եւ համաշխարհային կազմակերպութեան՝ WBO-ի, վարկածով աշխարհի հայաստանցի ախոյեան Վախթանգ (Վիգ) Դարչինեանի եւ ֆիլիփինցի Նոնիթօ Տոնըրի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ վրէժխնդրական-մրցամարտ կայացնելու գծով, դարձեալ ձախողած է: Վ. Դարչինեանի ղեկավար Էլիաս Նասար յայտարարած է, թէ Ն. Տոնըրի ներկայացուցիչները վերջին պահուն անսպասելիօրէն հրաժարած են պաշտօնապէս կնքելէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.