ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին 65ամեայ յոբելեանին առիթով, Մայիս 6ին Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիաչեսլաւ Քովալենքօ, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հրամանով, պատերազմի մասնակից 23 հայ վեթերաններ պարգեւատրած է «Յոբելեանական» շքանշանով:
«Խորհրդային զինուորը 65 տարի առաջ տարաւ մեծ յաղթանակ, որ խաղաղութիւն բերաւ ո՛չ միայն Խորհրդային Միութեան, այլ նաեւ ողջ Եւրոպային», յայտնած է Ռուսաիոյ դեսպանը: Ըստ անոր, հիթլերեան Գերմանիոյ դիմաց յաղթանակը կերտուած է՝ շնորհիւ արեանը ԽՍՀՄ 15 պետութիւններու ժողովուրդներուն, «որոնց մէջ նաեւ՝ հարիւր հազարաւոր հայ զինուորներու»:
«Մենք միշտ կը յիշենք ձեզ եւ ձեր յաղթանակը: Ան միշտ կը մնայ բոլորիս սրտերուն եւ պատմութեան մէջ: Մայիս 9ը մեզի համար հպարտութեան օր է», ըսած է Վ. Քովալենքօ՝ խօսքը ուղղելով վեթերաններուն։
Վեթերաններէն քանի մը հոգի Ռուսիոյ դեսպանին միջոցով ստացած են Տ. Մետվետեւի հրաւէրը՝ մասնակցելու Մայիս 9ին, Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ կայանալիք տօնական շքերթին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.