ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի ամբողջ տարածքին, Ամասիայէն մինչեւ Մեղրի, մինչեւ Արցախի ծայրամասերը գտնուող գիւղերու գերեզմանատուները, տօնական օրերուն, ժամադրավայրերը կ՛ըլլան Արցախեան Ազատամարտի նահատակներու այրիներուն ու մայրերուն:
Պանծալի յաղթանակով աւարտած ազատամարտի փառաբանանքը կ՛ընենք, պետական մեր ներկայացուցիչները հանդիսաւորապէս ծաղկեպսակներ կը զետեղեն յուշակոթողներու ու հրամանատարներու դամբարաններուն վրայ, կը շնորհաւորենք զիրար, խրախճանքներ կը սարքենք, կը տօնենք ուրախ առիթը:
Համատարած տօնախմբութեան մթնոլորտը չի կրնար անտարբեր թողուլ սրտահատորներ կորսնցնողները: Շրջապատի ուրախութիւնը կրնայ առաւել շեշտուած դարձնել որդեկորոյս մայրերուն վիշտն ու կսկիծը ու հաւանաբար այդ է պատճառը, որ անոնք այդ օրը ապաստան կը գտնեն գերեզմանատուներու մէջ, դէմ դիմաց, առանձին, իրենք ու իրենց սիրելիին շիրիմը: Այդ օրը, կենդանի մարտիրոսներ դարձած մայրերը իրենց զաւակներուն կը հաւաստիացնեն իրենց անմառ սիրոյ մասին. իրենց կեանքի դժուարութիւններուն մասին հարեւանցի կը զրուցեն իրենց զաւակներուն՝ քիչը ըսելով, որպէսզի աւելորդ հոգերով չծանրաբեռնեն զանոնք անդէնական աշխարհին մէջ:
Նահատակներուն մեզ ընձեռած պարգեւը անկախ Արցախն է եւ արժանապատուութեամբ հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը: Անգնահատելի է այս պարգեւը, ինչպէս եւ անգնահատելի է նահատակներու զոհաբերութիւնը. անոնց հարազատներուն, մանաւանդ անոնց մայրերուն տառապանքն ու ցաւը կարելի չէ նկարագրել: Մեր երախտագիտութիւնը, անհատական թէ հաւաքական, ի՛նչ արտայայտութիւն ալ գտնէ, դժուար թէ կարենայ ամոքել մայրական մորմոքը:
Միակ մխիթարանքը, զոր այս հրաշալի էակները կրնան ունենալ, հայրենիքի շէնացումն է. հայրենիք մը, ուր կը տիրէ արդարութիւնը, ուր նոր սերունդը յանձնառու է տէր կանգնելու զոհուած ազատամարտիկներու կտակին:
Անբառբար կը խոնարհինք նահատակներու մայրերու մեծ վիշտին առջեւ: