Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, Ուրբաթ, Ապրիլ 23ի առաւօտեան, Մոնթեպելլոյի Նահատակած յուշարձանին շուրջ էին համախմբուած «Կրանթ» եւ «Վեն Նայս» վարժարաններէն աւելի քան հարիւր աշակերտներ ու պատասխանատուներ, որոնք եկած էին յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին։
Աշակերտները նախ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին, նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի ցուցատախտակին մօտ, որմէ ետք Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ Սերուժ Աբրահամեան, աշակերտներուն ներկայացուց իր զեկոյցին նիւթը՝ հայ երիտասարդին դերը եւ պարտականութիւնը հայ իրականութեան մէջ, եւ թէ ինչու հայ երիտասարդութիւնը պարտի ներգործօն դերակատարութիւն ունենալ հայութեան կեանքին մէջ, մանաւանդ այս հանգրուանին։ Սերուժ Աբրահամեան նախ առիթ տուաւ աշակերտներուն, որ իրենց տեսակէտները յայտնեն այս մասին, ապա ներկայացուց իր զեկոյցը։
Աշակերտները այնուհետեւ ուղղուեցան դէպի Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնը, ուր ճաշէն ետք, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ՝ Գասպար Ճիւուելէքեան աշակերտներուն ներկայացուց քաղաքականապէս գործունեայ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը եւ պատճառները։ Մեծապէս հետաքրքրական էր աշակերտներուն համար մանաւանդ «Քայլարշաւ մարդկութեան համար» ժապաւէնին բովանդակութիւնը։
Յիշենք, որ այս հաւաքը իր տեսակին մէջ երկրորդն է, որ տեղի կ՛ունենայ Մոնթեպելլոյի մէջ։ Անցեալ տարի «Կրանթ հայ սքուլ»ի պատասխանատու Վաչէ Թերզեանի խնդրանքին արձագանգելով, «Դրօ» կոմիտէն, իր աջակցութիւնը բերած էր՝ իրականացնելով այս գեղեցիկ գաղափարը։ Իսկ այս տարի «Վեն Նայս հայ սքուլ»ի աշակերտութիւնը եւս, փափաք յայտնած էր մաս կազմելու այս ձեռնարկին։
Վերջաւորութեան, Վաչէ Թերզեան երկու վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ աշակերտութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբեր երիտասարդներուն եւ Վարուժ Բաբումեանին, որ յանձն առած էր այս ձեռնարկը իրականացնելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ «Դրօ» կոմիտէին՝ իրենց անմնացորդ օժանդակութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.