Ցեղասպանութեան 95րդ տարեդարձին առիթով, Արեւմտեան թեմը եւս յիշատակի արարողութիւններով ու ոգեկոչական հաւաքներով խոնարհեցաւ մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, վերանորոգելով մեր անսակարկելի իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու զանոնք վերականգնելու յանձնառութիւնը։
Ուրբաթ, Ապրիլ 23ի երեկոյեան, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ Ս. պատարագ։ Պատարագիչն էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը. Ս. սեղանին սպասարկեցին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը։ Ներկայ էին թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները։ Աղօթակից եղան հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեան եւ հայ աւետ. համայնքի հոգեւոր հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան։ Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամներ, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ եւ ուխտապահ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ. երեք համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները արտասանեցին ոգեկոչական սրտի խօսքեր։ Առաջնորդը ընդգծեց, որ «Մենք՝ նահատակներու կտակին ժառանգորդներս, Ապրիլը չենք նկատեր միայն կորուստներու յիշատակման ամիս, այլ Ապրիլն ու տարուան իւրաքանչիւր ամիսը, իւրաքանչիւր օրը վերածած ենք արդարութեան հետապնդման հանգրուանի։ Նահատակներու յիշատակման կողքին, կը յիշենք նաեւ մեր այն հերոսները, որոնք կերտեցին մեր հերոսամարտերը, 1915ին, թէ քսան տարի առաջ՝ Արցախի մէջ։ Հաւատքի, հայրենիքի եւ մշակութային ժառանգութեանց հաւատարմութեան ճամբուն ինկած մեր նահատակներուն կողքին, մեր հերսամարտերը կերտողները կը լուսաւորեն մեր պայքարի ուղին, Ցեղասպանութեան ղեկավարները զգետնող արդարահատոյցները կը պատգամեն, որ մեր պայքարը բազմաճիւղ է ու յարատեւ, անոր թիրախն է իրաւունքներու վերականգնում, մարդկային ու նիւթական բոլոր կորուստներուն դիմաց արդար հատուցում»։
Ապրիլ 24ի առաւօտուն, առաջնորդը, հոգեւոր հայրերու ընկերակցութեամբ, մասնակից եղաւ երիտասարդական հաւաք-քայլարշաւին, որ կազմակերպուած էր Հոլիվուտի մէջ, Միացեալ հայ երիտասարդներ կազմակերպութեան կողմէ։ Առաջնորդը կատարեց հաւաքին բացման աղօթքը, իսկ աւարտին, պատգամ մը ուղղեց մասնակից երիտասարդութեան՝ վեր առնելով Հայ Դատին հետապնդման մէջ անոնց կենսական դերը եւ յորդորելով աննահանջ շարունակել պահանջատիրական երթը։
Աւելի ուշ, կէսօրին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ քաղաքական հաւաք. առաջնորդը, Ազգ. վարչութեան ու ժողովականութեան անդամներ մասնակից եղան հաւաքին, որուն հետեւեցաւ հոգեհանգիստ՝ հայկական բոլոր յարանուանութեանց առաջնորդներուն եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։
Յիշեցնենք, որ առաջնորդը, հոգեւոր հայրեր, Ազգ. վարչութեան անդամներ եւ ներկայացուցիչներ մասնակից եղան նաեւ Սաքրամենթոյի, Լոս Անճելըսի, Փասատինայի, Կլենտէյլի քաղաքապետութեանց ոգեկոչական հաւաքներուն ու պաշտօնական արարողութեանց, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.