ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած տարեկան չորրորդ քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 17ին: Մօտաւորապէս հինգ մղոննոց քայլարշաւին մասնակցեցան 150 հոգի, սկսելով Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն, ուր հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ:
Մասնակիցները Սանթա Անայի, Կարտըն Կրովի, Ուեսթմինիսթըրի ու Ֆաունթըն Վելիի կարգ մը թաղամասերէն անցնելէ ետք վերադարձան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման կարճ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Հայկ Յովսէփեան եւ Քիւրտ ամերիկեան երիտասարդական միութենէն Տելին Ալմիսուրին:
Քայլարշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ յաւելեալ նկարներու համար, այցելել www.walkoc.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.