ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի պաշտօնական քարոզչութիւնը կը յայտարարէ, որ Հայաստանի ժամանակը սպառած է եւ հայերը պարտաւոր են Ղարաբաղի հարցով իրենց պատասխանը տալ Մինսկի խումբի առաջարկներուն:
Հայկական պաշտօնական պատասխանը տրուած է այս անհեթեթ յայտարարութեան: Ուշ կամ կանուխ, Ատրպէյճան ստիպուած պիտի ըլլայ ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան գոյութիւնը: Ուրիշ ելք, ուրիշ լուծում չկայ Ղարաբաղի հարցին:
Ժամանակի սպառման մասին յայտարարութիւնները, որոնց հետ անպայման կը հնչեն նաեւ ռազմական գործողութիւններու սպառնալիքները, կրնան ծիծաղելի նկատուիլ հայկական կողմին, սակայն չեն կրնար անտեսուիլ: Իբրեւ կանոն, այդ սպառնալիքներուն կը պատասխանեն Հայաստանի կառավարական պաշտօնատար-ներ, որոնք խորհուրդ կու տան Ատրպէյճանին՝ հեռու կենալ արկածախնդրական գործողութիւններէ, որոնք աւելի մեծ կորուստներու կրնան մատնել Ատրպէյճանը, եւ կրնան ապակայունացնել ամբողջ տարածաշրջանը:
Պատասխանելով ալիեւեան նուիրապետութեան գրեթէ բոլոր մակարդակի ներկայացուցիչներէն արտաբերուած անհեթեթ յայտարարութիւններուն՝ Հայաստան դէպքերու հետագայ զարգացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը բերցնէ Ատրպէյճանի վրայ: Միջազգային իրաւարարները համոզելու խնդիր չկայ այստեղ. անոնք լաւատեղեակ են երկու կողմերու դիրքորոշումներուն եւ կը փորձեն ընդհանուր եզրեր գտնելով՝ լուծումներ առաջարկել. լուծումներ, որոնք մինչեւ այսօր անընդունելի կը նկատուին Ատրպէյճանի կողմէ:
Յետո՞յ:
Ղարաբաղի մէջ կեանքը բնական կ՛ընթանայ, մարդիկ կը փորձեն թշնամիի հրացաններու ու հրասայլերու փողերուն դիմաց հող մշակել, ցանել ու բարիք ստեղծել: Հայ զինուորի աչալուրջ հսկողութեան, անոր քաջութեան ու հայրենի հողի իւրաքանչիւր թիզ պահպանելու վճռական նախանձախնդրութեան վստահած արցախցիին համար, ժամանակը կ՛աշխատի հայրենի հողին հետ իր դարաւոր միասնութիւնը յաւերժացնելու ուղղութեամբ: