ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ հպարտութեամբ արձանագրած էինք, որ Շուշիի վերականգնման գործին, այդ աւերակուած հայոց պատմական աւանին վերականգնման իր լուման կը բերէին գլխաւորաբար Լոս Անճելըսի հայ համայնքէն խումբ մը մարդիկ: Այդ խումբը Ղազանչեցւոց եկեղեցիին դիմացը գտնուող քանդուած շէնք մը վերցուց պետութենէն ու զայն գողտրիկ հիւրանոցի մը վերածեց: Հիւրանոցը տակաւին կը գործէ:
Հիմա, դարձեալ առիթ ունինք հպարտանալու: Շուշիի վերականգնման գործին, բացի մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն (որոնցմէ կ՛առանձնանայ Մասիս Բաղտասարեանը), ահա գործնականօրէն, տնտեսական ծրագիրով կը մասնակցին նաեւ Լոս Անճելըսէն Հայկուշ Քոհլըրը, Ալեք Բաղդասարեանը, Շիլա Փափայանցը (հանգուցեալ Սերժ Փափայեանցի այրին) եւ Նիք Նշանեանը:
Այս խումբը մեծ գործի ձեռնարկած էր՝ վերցնելով քաղաքի նախկին մեծագոյն հիւրանոցի, պատմական նշանակութեամբ շուկայի եւ բաղնիքի քանդուած շէնքերը: Սկզբնական կազմակերպչական որոշ դժուարութիւններէ ետք (ոչ ձեռնարկողներու մեղքով), գործը վերջերս դարձեալ թափ ստացած էր եւ ահա ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ «Աւան Իշխան» անունով արձանագրուած լոսանճելըսահայ այս խումբին ընկերութիւնը, Մայիս 8ին, արդէն բացումը պիտի կատարէ «Շուշի Փլազա» շուկային: Կ՛իմանանք նաեւ, որ աւարտած է պատմական բաղնիք-առողջարանի կառուցումը եւ արդէն այդ իւրայատուկ արեւելեան կեդրոնը կը սկսի գործելու: Շուշիի գլխաւոր հիւրանոցը, ըստ ընկերութեան տէրերուն փոխանցած տեղեկութեան, իր դռները պիտի բանայ գալիք տարի:
«Շուշի Փլազա»ն եւ «Թուրիսթ Սենթըր»ը քաղաքի տնտեսութիւնը զբօսաշրջութեան զարգացման ճամբով վերականգնելու ճիգին կարեւոր ներդրում մըն են: Ձեռնարկողները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Շուշին դարձեալ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի մը վերածելու ծրագիրներուն:
Կը շնորհաւորենք: Սրտանց: