ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց համար ընտրապայքարին ընթացքին իր ծախսերը Քալիֆորնիոյ ընտրական իշխանութեանց չփոխանցելուն համար Շահէ Քէօրօղլեան կրնայ նիւթական տուգանքի ենթարկուիլ: Ըստ ընտրական օրէնքներուն, իւրաքանչիւր խախտումի փոխարէն 5000 տոլար տուգանք պէտք է վճարուի:
Հակառակ անոր, որ Քէօրօղլեան պնդած է, թէ ինքը տեղեկութիւնները նամակատան միջոցաւ փոխանցած է, անոր ընտրապայքարի գրասենեակի պատասխանատուները ընդունած են, թէ ոչ միայն տեղեկութիւնները չեն փոխանցուած, այլ նոյնիսկ ընտրապայքարի յանձնախումբը պաշտօնապէս չէ արձանագրուած իշխանութեանց մօտ: Ըստ ընտրապայքարի տուեալներուն, ցարդ ծախսուած է 11,126 տոլար, որուն մեծ մասը՝ պատկերասփիւռի յայտագիրներու համար: Ընտրապայքարի գրասենեակը տակաւին 5000 տոլար պարտական է պատկերասփիւռի ընկերութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.